Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր՝ երեքշաբթի, 16 յունիսին տեղի ունենալիք մրցումներէն ոմանք պիտի ըլլան հետաքրքրական:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, պիտի հիւրընկալէ Լեկանեսին (նախավերջին): Սկզբունքով, Պարսայի համար այս ճակատումը պիտի ըլլայ ոչայդքան զօրաւոր մրցում մը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 23:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ռէալ Մատրիտ իր մրցումը պիտի կատարէ երկու օր ետք, հիւրընկալելով՝ Վալենսիային:
Ինչ կը վերաբերի Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն,այսօր պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ, ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), հիւրը պիտի ըլլայ Վերտըր Պրեմընին (նախավերջին):
Պորուսիա Տորթմունտ (2-րդ) իր մրցումը պիտի կատարէ վաղը, հիւրը ըլլալով Մայնց-05-ին (15-րդ):
Նշենք, որ այս հանգրուանին նախօրեակին, Պայէրն այժմ եօթը կէտի առաւելութիւն մը ունի իր անմիջական մրցակիցին՝ Տորթմունտի վրայ: