«Sport Italia» յայտնեց ըսելով, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2020-2021 տարեշրջանին մեկնարկին օրը յստակ է:
Ըստ վերոնշեալ պարբերաթերթին, անիկա պիտի սկսի յառաջիկայ 12 սեպտեմբերին: Այժմու տարեշրջանին եւ յառաջիկայ նոր տարեշրջանին միջեւ հանգիստի շրջանը պիտի ըլլայ վեց շաբաթ: Իսկ մարզիկներու փոխանցումները, որոնք պիտի սկսին յառաջիկայ1 սեպտեմբերին, վերջ պիտի գտնեն՝ 5 հոկտեմբերին:
Նշենք, որ «Քալչիո»-յի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը պիտի վերսկսի յառաջիկայ 20 յունիսին, բնականաբար առանց հանդիսատեսներու:
«Քորոնա» ժահրին պատճառով, նախորդ 13 մարտին, ախոյեանութիւնը ընդհատուեցաւ: