Գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտ՝ Թոմաս Թուխել իր աշխատանքը պիտի շարունակէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ որպէս անոր մարզիչը, այս գծով յայտնեց ֆրանսական «Le Journal du Dimanche»-ը:
Նշուեցաւ, որ անոր պայմագրութեան աւարտին ցարդ մնացած է մէկ տարի. հետեւաբար ան 2020-2021 տարեշրջանին եւս պիտի ըլլայ մայրաքաղաքի կազմին գլխաւոր մարզիչը:
Ինչպէս ծանօթ է, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ժամանակէն առաջ աւարտեց 2019-2020 տարեշրջանը, 30 ապրիլին երկրին ախոյեան հռչակելով Փարիզ Սեն Ժերմենին: