Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին ֆութպոլիստ՝ Էդգար Մանուչարեան, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով, յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու իր միջազգային ասպարէզին՝ ազգային հաւաքականին հետ:
«Որպէս ֆութպոլիստ կու գամ վերջ մը դնելու իմ միջազգային ասպարէզիս: Սակայն նպատակ ունիմ յառաջիկային դառնալ ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ, որուն գծով մեծապէս վստահ եմ», ըսաւ Մանուչարեան:
Մանուչարեան, որ ծնած է 19 յունուար 1987-ին, Երեւանի մէջ, երբ արդէն իսկ 15 տարեկան էր, ելոյթ ունեցած է Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականին հետ: Ան 2002-2004 տարիներուն, Փիւնիկի հետ երեք անգամ հանդիսացած է Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեան: Իսկ 2004-ին 22 մրցումի ընթացքին ան դառնալով 21 կոլի հեղինակ, հանդիսացած է ախոյանութեան ռմբարկու:
Նշենք, որ ան մաս կազմած է նաեւ շարք մը այլ ակումբներու ալ, որոնց կարգին՝ Այաքս Ամսթերտամի (Նիտըրլենտ):