Միջազգային մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ 33-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն մասնակցող մարզիկներուն թիւը պիտի կրճատուի:
Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք 2024-ի ողիմպիականին պիտի մասնակցին՝ 10,500 մարզիկներ: Նախորդ խաղերուն մասնակցողներուն թիւը կը հասնէր11 հազարի:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին որոշումով, խաղերուն մասնակցող տղոց եւ աղջկանց թիւը պիտի ըլլայ իրարու հաւասար:
Նշենք, որ Փարիզի 33-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան 26 յուլիսէն՝11 օգոստոս: