Շուրջ 100 օրուան ընդմիջումէ մը ետք, երէկ վերսկսաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ը, երբ կատարուեցան երկու ճակատումներ, 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Առաջին մրցումին, Ասթոն Վիլա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շեֆիլտ Եունայթըտի հետ:
Երէկուան յայտագիրին վրայ եղած երկրորդ մրցումին, երկրին գործող ախոյեանը՝ Մանչեսթըր Սիթի, արձանագրեց տարեշրջանի իր 19-րդ յաղթանակը, 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը՝ Արսենալը:
Հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին սակայն, Սիթի այժմ 22 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլէն, որ իր տրամադրութեան տակ ունի՝ 80 կէտ:
Սիթիի երեք կոլերը նշանակեցին՝ Ռահիմ Սթերլինկ (45-րդ), Քեւին Տը Պրույնէ (51-րդ՝ փենալթիով) եւ Ֆիլ Ֆոտէն (90+1-րդ):
Նշենք, որ Արսենալէն 47-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ ստացաւ պրազիլցի Տաւիտ Լուիզ:
Վաղը՝ ուրբաթ կը սկսին 30-րդ հանգրուանի մրցումները: