Իտալական Ֆութպոլ. Մխիթարեան Մկանային Յոգնածութիւն Ունեցաւ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ՝Հենրիխ Մխիթարեան, իր կատարած փորձերուն ընթացքին զգացած է մկանային յոգնածութիւն, այս գծով յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը:
Նշուեցաւ, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին, հայրենի միջնապահը յատուկ հսկողութեան տակ պիտի ըլլայ:
Այսօր խումբը փորձեր չկատարեց: Մարզիկները իրենց փորձերուն պիտի վերսկսին վաղը:
Մայրաքաղաքի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց նաեւ, որ ակումբին թեքնիք տնօրէնը Ճիանլուքա Փեթրաքի հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, հարցեր ունենալով ակումբին նախագահ՝ Ճէյմս Փալլոթայի հետ:
Այլ գետնի վրայ, վաղը՝ շաբաթ կը վերսկսի Իտալիոյ ֆութպոլի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը՝ «Քալչիո»-ն, Թորինօ- Փարմա եւ Վերոնա- Քալիարի մրցումներով (26-րդ հանգրուան):
Share This Article
CATEGORIES Մարզական