Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ակադեմիային մէջ երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով կատարուած Ալաշկերտ-Շիրակ ՀՄՄ մրցումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով, 4-0 արդիւնքով:
Այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ Ալաշկերտ վաղաժամ հռչակուի Հայաստանի ախոյեան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Մրցումէն ետք տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան, երկու կազմերուն մարզիկներուն տրուեցան մետալներ, ախոյեան կազմին՝ տիտղոսը, մինչ լաւագոյն ռմբաձիգի մրցանակը տրուեցաւ Ալաշկերտի միջնապահ՝ Անի Ղուկասեանի: