Երէկ՝ չորեքշաբթի, 24 յունիսին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումները:
Նոա, որ երթին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Ուրարտուի դէմ, երէկուան մրցումին եւս յաղթանակ արձանագրեց, այս անգամ 2-1 արդիւնքով:
Կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, Արարատ-Արմենիա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Գանձասար-Կապանին, բնականաբար իր կարգին հասնելով աւարտականին: Երթին, Արարատ-Արմենիա արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: