Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Շիրակ Գիւմրիի միջնապահ՝ Սոլոմոն Իմէ Ուտօ, յետ այսու մաս պիտի կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:
15 յուլիս 1995-ին Նիկերիոյ մէջ ծնած Ուտօ, որ 2015-էն ի վեր իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, հաւաքականին մաս կազմելու իրաւունքը ունի եւ այժմ պիտի սպասէ իր փաստաթուղթերուն ամբողջացման, որպէսզի միանայ հաւաքականին:
Այս լուրին հրապարակումէն ետք, ան ըսաւ որ ինքզինք մեծապէս ուրախ կը զգայ եւ մեծ յոյսով է որ կ՛արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը: