Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմա խումբին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ այսօր՝ չորեքշաբթի, 24 յունիսին Սամտորիայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին: Այս մրցումը կ՛իյնայ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Հռոմի ողիմպիականի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 22:45-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ շաբաթասկիզբին, անոր այս մրցումին մասնակցութիւնը հարցականի տակ էր, նկատի ունենալով որ հայրենի ֆութպոլիստը մկանային յոգնութիւն ունէր: Սակայն ան վերջին երկու օրերուն իր սովորական փորձերը կատարեց իր խմբակիցներուն հետ: