Մարզական

Ճատրակի Միջազգային Օրուան Առիթով. Յառաջիկայ 20 Յուլիսին՝ Համահայկական Առցանց Մրցաշարք

Հայկական մարզական լրատուամիջոցներէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 20 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ ճատրակի համահայկական առցանց մրցաշարք մը: Նշուեցաւ, որ Երեւանի ժամանակացոյցով՝ ժամը 20։20-ին սկսելիք այս մրցաշարքը պիտի տեւէ երկու ժամ, ընդգրկելով մրցակիցներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն: Կ՛ակնկալուի, որ մրցաշարքին մասնակցին մեծ թիւով կրանտմասթըր-ներ: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է՝ 15 յուլիս: Մրցանակակիրները պիտի ստանան տարբեր տեսակի պարգեւներ:

Ռուսական Ֆութպոլ. Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ Հռչակուեցաւ Ախոյեան

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող  Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 4-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քրասնոտարի դաշտէն: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, անիկա ժամանակէն առաջ հռչակուեցաւ Ռուսիոյ ախոյեան 13 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցին եւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լոքոմոթիւ Մոսկուայի վրայ: Ախոյեանութեան աւարտէն չորս հանգրուան առաջ, այժմ անիկա ունի 62...

«Քալչիօ». Այսօր՝ Ա.Սէ.Միլան-Եուվենթուս Տաք Ճակատում

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 31 –րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին այսօր, երբ կը կատարուին երկու ճակատումներ: Լեչէ-Լացիօ Ռոմա մրցումին յաջորդելիք՝ Ա.Սէ.Միլան-Եուվենթուս հանդիպումը կը խոստանայ ըլլալ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, նկատի ունենալով որ անոնք կը նկատուին երկրին ամէնէն աւելի շատ ժողովրդականութիւն եւ համբաւ վայելող կազմերէն: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի՝ ժամը 22:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Եուվենթուս, այժմ...

Գերմանական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխ Տուպլէ Մը Իրագործեց

Շաբաթ, 4 յուլիսին, տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան՝ Պայեր Լեւըրքուզըն եւ Պայէրն Միւնիխ: Օլիմփիասթատիոնի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին յաղթականը եղաւ Պայէրն Միւնիխ, որ արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ բնականաբար տուպլէ մը իրագործեց,նկատի ունենալով որ նախորդ ամիս անիկա հանդիսացած էր Գերմանիոյ ախոյեան՝ իր պատմութեան մէջ 30-րդ անգամ ըլլալով: Պայէրն այսպիսով...

Հայկական Ֆութպոլ. Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը Դադրեցաւ , 5 Ակումբ և 58 Անձ Որակազրկուեցան

Հայկական Ֆութպոլ. Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը Դադրեցաւ , 5 Ակումբ և 58 Անձ Որակազրկուեցան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը դադրեցաւ: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ մրցումներու արդիւնքներուն հետ խաղացած ըլլալու համար, Արագած, Թորփետօ, Մասիս, Լոքոմոթիւ եւ Երեւան ակումբները որակազրկուեցան: Նշուեցաւ նաեւ, որ 58 անձեր որակազրկուեցան ( 45-ը՝ ցմահ), տարբեր ժամկէտներով:

«Ֆորմիւլա-1». Տարեշրջանի Առաջին Կրան-Փրի-Ին Յաղթականը՝ Պոթթաս

«Ֆորմիւլա-1». Տարեշրջանի Առաջին Կրան-Փրի-Ին Յաղթականը՝ Պոթթաս

«Քորոնա» ժահրին պատճառով ընդհատուած «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 2020 տարեշրջանը ի վերջոյ սկսաւ երէկ՝ կիրակի, երբ տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ կրան-փրի-ն: Անիկա աւարտեցաւ Մերսետես-ի վարորդ՝ Վալթերի Պոթթասի յաղթանակով, որ 71  լեփնոց այս կրան-փրի-ին արձանագրեց՝ 1 ժամ 30 վայրկեան եւ 55 երկվայրկեան արդիւնք մը: Այսպիսով ֆինլանտացին, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 8-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ առաջին: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ֆեռարի-ի վարորդ՝...

Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Մասնակցի Առցանց Օլիմփիատին

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «ՖԻՏԷ»-ին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի առցանց Օլիմփիատին: Իւրաքանչիւր հաւաքականի մէջ պարտադիր է որ ըլլան իգական սեռէն երկու անդամներ, ինչպէս նաեւ քսան տարեկանէն վար տղայ մը եւ աղջիկ մը: Մրցումներուն պիտի մասնակցին վեց խաղացողներ (խառն): Հաւաքականները կրնան ունենալ պահեստի վեց խաղացողներ: Նշուեցաւ, որ Հայաստանի հաւաքականին ամբողջական կազմը...

Հայկական Ֆութպոլ. Շիրակ Եւ Արարատ-Արմենիա՝ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւեն երկու խումբեր: Անոնք են՝ Շիրակ եւ Արարատ-Արմենիա: Երկուքն ալ ունին 46-ական կէտ: Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Նոա, որ ապահոված է 45 կէտ: Ալաշկերտ ունի 41 կէտ, Լոռի՝ 40, իսկ Արարատ՝ 33 կէտ: 27-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան՝ 6-7 յուլիսին, հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Ալաշկերտ-Լոռի,...

Թենիս. Ճոքովիչ Ապաքինած՝ «Քորոնա» Ժահրէն

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապաքինած է «Քորոնա» ժահրէն, այս գծով յայտնեց սերպ մամուլը: Անոր կատարած քննութեան արդիւնքը, տուած է դրական պատասխան: Նշուեցաւ, որ անոր հետ ապաքինած է նաեւ անոր կինը՝ Ելենա, որ իր ամուսնոյն հետ վարակուած էր նոյն այս հիւանդութեամբ: Նշենք, որ 33 տարեկան Ճոքովիչ, նախորդ 23 յունիսին վարակուած էր այս ժահրով:...

Ըստ Իտալական Մամուլին՝ Մխիթարեան Իր Պայմանագրութիւնը Պիտի Խզէ Արսենալի Հետ

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, իտալական մամուլը յաճախակիօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին, յայտնելով, որ ան իր պայմանագրութիւնը պիտի խզէ իր ակումբին՝ Արսենալի հետ եւ ազատ գործակալի կարգավիճակով, վերջնականապէս պիտի միանայ իտալական կազմին, որուն հետ ան ինքզինք շատ աւելի ուրախ կը զգայ: Սակայն հոս պէտք է կարեւորութեամբ նշել այն կարեւոր...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքին Աւարտականը՝ 10 Յուլիսին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 10 յուլիսին, ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մարզադաշտին վրայ, Երեւանի ժամանակացոյցով՝ ժամը 19։00-ին։ Աւարտականի այս մրցումին, առաջին անգամ ըլլալով պիտի մրցին, Հայաստանի գործող ախոյեան՝ Արարատ-Արմենիա եւ ախոյեանութեան նորեկ՝ Նոա:

«Լա-Լիկա». Այսօր՝ Ռէալ Մատրիտ-Կեթաֆէ

Ռէալ Մատրիտ-Կեթաֆէ մրցումով, այսօր կ՛աւարտի Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 33-րդ հանգրուանը: Անիկա պիտի սկսի ժամը 23:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Մայրաքաղաքի կազմը, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 71 կէտ, կէտի մը առաւելութեամբ կը գերազանցէ իր մրցակիցին՝ Պարսելոնային: Եթէ պատահի, որ այսօր մայրաքաշաքի կազմը առաւելագոյն երեք կէտը խլէ իր հիւրէն, անիկա պիտի ունենայ չորս կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը անոր վրայ: Նշենք, որ...

«ՖԻՏԷ». Արոնեանէն Բացի Առաջին Հարիւրին Մէջ Են՝ Հայաստանի 4 Ներկայացուցիչներ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին՝ «ՖԻՏԷ»-ին կողմէ հրապարակուած յուլիս ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան մնաց նախորդ ամսուան իր գրաւած դիրքին վրայ՝ 7-րդ: Աշխարհի ախոյեան՝ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, կը շարունակէ մնալ պարագլուխի դիրքին վրայ: Կազմակերպութեան պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ առաջին հարիւրին մէջ, Հայաստան ունի չորս ներկայացուցիչ եւս: Անոնք են. Գաբրիէլ Սարգսեան՝ 53-րդ, Կարէն Գրիգորեան՝ 71-րդ, Հրանդ Մելքումեան՝...

Հայկական Ֆութպոլ. Օզպիլիզ Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Փիւնիկի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ ելոյթ ունեցող Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ ակումբը երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը միջնապահ Արազ Օզպիլիզի հետ: Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է յաւելեալ մէկ տարիով: Օգոստոս 2019-ին Փիւնիկի միացած Օզպիլիզ, ընթացիկ տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարեց 11 մրցում, նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ: Ան 2012-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին...

Սպանական Ֆութպոլ. Պարսելոնա-Աթլեթիքօ Մատրիտ՝ 2-2

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 33-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երեք ճակատումներ: Այս հանգրուանի մնացեալ մրցումները կը կատարուին՝ այսօր եւ վաղը: Պարսելոնա, որ երէկ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտին, անոր հետ արձանագրեց ոչհամոզիչ հաւասարութիւն մը՝ 2-2 արդիւնքով: Մրցումին երեք կոլերը նշանակուեցան փենալթի-ով, մինչ չորրորդը, շնորհիւ Տիեկօ Քոսթայի (Աթլեթիքօ)՝ սխալմամբ իր բերդէն ներս: Պարսայի երկրորդ կոլը նշանակեց Լիոնել Մեսսի,...

Իտալական Ֆութպոլ. Մխիթարեան Ա. Էս. Ռոմայի Հետ Պիտի Մնայ Մինչեւ Օգոստոս

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, իր ակումբին՝ Ա. Էս. Ռոմայի հետ պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ օգոստոս, այս գծով կը յայտնէ «Tempo»: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, ան մինչեւ օգոստոսի վերջը մնալով իր ակումբին հետ, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ «Եւրոպայի-Լիկա»-ի մրցումներուն: Մխիթարեան, որ այս տարշրջանին սկիզբը, անգլիական Արսենալէն փոխ տրուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի, անոր հետ ցարդ յաջողած է նշանակել վեց...

«Թոքիօ-2020». Թոքիոյի Բնակչութեան Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Ողիմպիական Խաղերու Կայացման

Ճապոնական «Kyogo» լրատուական գործակալութեան համաձայն, Ճափոնի մայրաքաղաք՝ Թոքիոյի բնակչութեան մեծամասնութիւնը, դէմ է 32-րդ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու կայացման: Ինչպէս ծանօթ է, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, «Թոքիօ-2020»-ի խաղերը յետաձգուեցան յառաջիկայ տարուան՝ 2021-ի ամրան: Եթէ վերոնշեալ ժահրը յառաջիկայ տարի եւս արգելք հանդիսանայ անոր կայացման, կը կարծուի, որ անիկա անգամ մը յետաձգուի: Ըստ ճշդուած յայտագիրին, այս խաղերը յառաջիկայ տարի պիտի սկսին 23 յուլիսին եւ...

Սպանական Ֆութպոլ. Սեթիէն Տարեշրջանի Աւարտէն Ետք Պիտի Հեռանայ Պարսելոնայէն

Քաթալոնիական Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ՝ Քիքէ Սեթիէն այս տարեշրջանի աւարտէն ետք պիտի հեռանայ Պարսելոնայէն, այս գծով յայտնեց «Goal»-ը: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Պարսա պիտի խզէ իր պայմանագրութիւնը՝ անոր հետ, նկատի ունենալով որ այս տարեշրջանին անոր արձանագրած արդիւնքները, ակումբին ղեկավարութեան կողմէ կը նկատուին անբաւարար: Սակայն, կը նշուի նաեւ, որ շատ հաւանական է, որ ան շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ, եթէ Պարսելոնա որեւէ տիտղոսի...

Հայկական Ֆութպոլ. Նոա Դարձեալ Յաղթեց Ալաշկերտին

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Նոա դարձեալ յաղթեց Ալաշկերտին երբ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Երեւանի Նայիրի մարզադաշտէն: Հիւր կազմը իր միակ կոլը նշանակեց մրցումին 87-րդ վայրկեանին: Վանաձորի ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին վրայ, Լոռի իր յաղթանակը արձանագրեց Արարատ-Արմենիայի դէմ, 2-1 արդիւնքով: Երեւանի Ուրարտու մարզադաշտին վրայ, Փիւնիկ Երեւան 1-0 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ՝ Ուրարտուին: Այս հանգրուանի բացման մրցումին, Արարատ...

Գերմանական Ֆութպոլ. Թոմաս Միւլըր Պունտըսլիկայի Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ Պունտըսլիկայի 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ախոյեանութեան տիտղոսը իր մօտ պահած՝ Պայէրն Միւնիխ տարեշրջանը աւարտեց այլ յաղթանակով մը (տարեշրջանի 26-րդը), երբ 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Վոլֆսպուրկի դաշտէն: Պայէրնի չորրորդ կոլը նշանակած Թոմաս Միւլըր Պունտըսլիկայի նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ առաջին կոլին էսիսթը կատարելով, տարեշրջանի մը ընթացքին իր արդիւնաւէտ փոխանցումներուն քանակը հասցուց 21-ի: Նախկին մրցանիշը հաստատած...

Page 603 of 1279 1 … 602 603 604 … 1,279

Արխիւներ