Ուքրանական Ֆութպոլ. Շախտիոր Տոնեցք Ախոյեան՝ 13-րդ Անգամ Ըլլալով
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ուքրանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, Շախտիոր Տոնեցք ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը եւ այդ մէկը՝ տարեշրջանի աւարտէն հինգ հանգրուան առաջ:
Տոնեցք այսպիսով յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան: Անիկա իր պատմութեան մէջ 13-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը::
3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Օլեքսանտրիային, անիկա ունեցաւ 71 կէտ, մինչ անոր անմիջական մրցակիցը եւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Տինամօ Քիեւ ունի 52 կէտ:
Նշենք սակայն, որ Տինամօ Քիեւ Ուքրանիոյ ախոյեան հանդիսացած է 15 անգամ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական