Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ կեանքէն հեռացած է անուանի մարզիկ, մարզիչ եւ իրաւարար՝ Ստեփան Ղազարեան: Ան 84 տարեկան էր:
29 յունիս 1935-ին Երեւանի մէջ ծնած Ղազարեան, նախկին խորհրդային միութեան մէջ եղած է մարզիկ եւ մարզիչ, ինչպէս նաեւ եղած է ըմբշամարտի բարձրագոյն (ողիմպիական) կարգի իրաւարար:
Ան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով, ինչպէս նաեւ միջազգային տարբեր տեսակի ոսկիէ, արծաթէ եւ պրոնզէ շքանշաններով եւ ոսկիէ սուլիչով:
Նշենք, որ ան 2002-էն ի վեր Տաղստանի պատուոյ քաղաքացի էր: