Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով, այս գծով երէկ յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ նախորդ շաբաթ, 33 տարեկան Ճոքովիչ Խրուաթիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է մրցաշարքի մը, որուն մասնակցողներէն երկուքին մօտ փաստուած է որ այդ ժահրը կայ:
Երբ Ճոքովիչ քննութեան ենթարկուած է, արդիւնքը եղած է դրական: Անոր հետ այդ ժահրով վարակուած է նաեւ անոր կինը՝ Ելենան, մինչ անոնց զաւակներուն քննութիւններուն արդիւնքը եղած է՝ ժխտական:
Նշենք, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Ճոքովիչ տիրացած է 17 կրան-շլեմ-ի տիտղոսներու, բնականաբար բազմաթիւ այլ մրցանակներու կողքին: