Լուքա Ռոմերօ ՝«Լա-Լիկա»-ի Պատմութեան Ամէնէն Երիտասարդ Ֆութպոլիստը
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին՝ Մայորքայի դէմ:
Անկախ արդիւնքէն, այս մրցումին ընթացքին պատմական իրադարձութիւն մը արձանագրուեցաւ, նկատի ունենալով, որ Մայորքայի ֆութպոլիստ՝ Լուքա Ռոմերօ հանդիսացաւ «Լա-Լիկա»-ի պատմութեան ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը, որ դաշտ կը ներկայանար:
82-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Ռոմերօ, 15 տարեկան եւ 219 օրական էր:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական