Իտալական Ֆութպոլ. Մխիթարեան Մասնակցեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի Արձանագրած Յաղթանակին
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 27-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ երէկ գիշեր տեղի ունեցած մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին՝ Սամտորիային:
Արձանագրուած այս յաղթանակին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ: Ան 85-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց՝ Էտին Ծեքօ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Մխիթարեանի կազմը, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 58 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի՝ Եուվենթուս (66 կէտ), մինչ երկրորդ դիրքին վրայ է՝ Լացիօ Ռոմա (62 կէտ):
Նշենք, որ այժմ բոլոր խումբերն ալ կատարած են՝ 27-ական մրցում:
Եուվենթուս-Լեչէ մրցումով, վաղը կը սկսի 28-րդ հանգրուանը: