Երէկ՝ երկուշաբթի, 22 յունիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ Էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր ժողովը, նախագահութեամբ իր նախագահին՝ Աքրամ Հալապիի: Անոր ներկայ եղան ֆետերասիոնին բոլոր անդամները:
Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին ազդանշանը պիտի տրուի 15 նոյեմբերին… առանց օտարականներու:
Ֆետերասիոնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Թալալ Մաքտեսիի, նկատի ունենալով, որ Մաքտեսի ընկերութիւնը պիտի հոգայ 2020-2021 տարեշրջանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան բոլոր ծախսերը:
22 նոյեմբերին պիտի սկսի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը, 29 նոյեմբերին՝ տղոց Բ. դասակարգի, իսկ 7 դեկտեմբերին՝ տղոց Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնները: