Երէկ, տեղի ունեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Եուվենթուս եւ Նափոլի:
Մարզիչ Կենարօ Կաթուզոյի գլխաւորած կազմը՝ Նափոլի հանդիսացաւ տիտղոսակիր, փենալթիներով՝ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով երկրին գործող ախոյեան՝ Եուվենթուսին:
Նշենք, որ երբ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան, ուղղակիօրէն դիմուեցաւ փենալթիներու եւ երկարաձգում չկատարուեցաւ:
Այսպիսով, Նափոլի իր պատմութեան մէջ 6-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Իտալիոյ բաժակակիր:
Աւարտականի այս մրցումը տեղի ունեցաւ Հռոմի ողիմպիականի դաշտին վրայ, բնականաբար առանց հանդիսատեսներու: