Մարզական

«Քալչիօ». Եուվենթուս Ախոյեան՝ Յաջորդաբար 9-րդ Տարին Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»յի 36-րդ հանգրուանի մրցումները: Երկրին գործող ախոյեանը՝ Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Սամտորիային, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, տիտղոսը պահեց իր մօտ աւարտէն երկու հանգրուան առաջ: Այսպիսով, վերջին ինն տարիներուն, երկրին ախոյեանը մնաց՝ անփոփոխ: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Ֆետերիքօ Պերնարտեսչի: Նոյնինքն՝ Ռոնալտօ 89-րդ վայրկեանին փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել: Նշենք, որ 77-րդ...

Հայկական Ֆութպոլ. 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մարզական Հավաք Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, յառաջիկայ 28-30 յուլիսին մարզական հավաք մը պիտի կատարէ ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս հաւաքին վերջին օրը՝ 30 յուլիսին, հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Նոա ակումբին դէմ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 11։00-ին՝ Երեւանի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է՝ Արթուր Ոսկանեան:

«Քալչիօ». Եուվենթուս Անակնկալ Պարտութիւն Մը Կրեց Ուտինեզէէն

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան՝ Եուվենթուս,երէկ գիշեր 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ուտինեզէէն, այս վերջինին դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Թէեւ Ա. կիսախաղին Եուվենթուս 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցին, սակայն դաշտին տէրը Բ. կիսախաղին նշանակեց երկու կոլ, տարաւ վերջնական յաղթանակը եւ բարձրացաւ 15-րդ դիրք: Եուվենթուս թէեւ մնաց...

Ռուսական Ֆութպոլ. 2020-2021 Տարեշրջանը Պիտի Սկսի՝ 7 Օգոստոսին

Ռուսական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը պիտի սկսի յառաջիկայ 7 օգոստոսին: Նշուեցաւ, որ ախոյեանութեան ամբողջական յայտագիրը պիտի հրապարակուի այսօր՝ ուրբաթ, երբ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը հանդիպում մը պիտի ունենայ Ա. դասակարգի ակումբներուն պատասխանատուներուն հետ: Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին ախոյեան հանդիսացաւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, երբ անիկա 26-րդ հանգրուանին, 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քրասնոտարին, ժամանակէն առաջ...

Հակական Ֆութպոլ. Արթուր Գրիգորեան Վերստին Միացաւ Փիւնիկի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ ելոյթ ունեցող Փիւնիկ ակումբը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 27 տարեկան միջնապահ՝ Արթուր Գրիգորեանի հետ, այս գծով յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ֆութպոլիստին վերջին ակումբը եղաւ Գանձասար-Կապանը: Ան 2011-2014 տարեշրջանին եւս ելոյթ ունեցաւ Փիւնիկի հետ: Նշենք, որ վերոնշեալ ակումբներէն բացի ան մաս կազմած է նաեւ՝ Միքայի, Ուլիսի, Ալաշկերտի եւ Արցախի:  

Թոքիօ-2020. Ողիմպիականի խաղերը կրնան կատարուիլ առանց հանդիսատեսներու

Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն մասին, նշելով որ այն մտավախութիւնը կայ, որ անոնք կրնան կատարուիլ առանց հանդիսատեսներու, բնականաբար «Քորոնա» ժահրին պատճառով, որ կը շարունակէ աշխարհը մատնել ահ ու սարսափի: Սակայն ներկայ դրութեամբ, այդ գծով պաշտօնապէս ոչինչ կ՛ըսուի: Լրատու այլ աղբիւրներ կ՛ըսեն, Միջազգայի Ողիմպիական Կոմիտէն շատ հաւանաբար այդ խաղերը դարձեալ յետաձգէ: Նշենք, որ 32-րդ ամառնային ողիմպիականի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ-Չելսի՝ 5-3

Երէկ գիշեր, Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն գծով տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ: Անգլիոյ ախոյեանութեան գծով կատարուած երկու մրցումներով, ամբողջացան 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումները: Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Ուեսթ Համի հետ, Չելսիէն խլեց երրորդ դիրքը: Չելսի, որ Լիվըրփուլի դաշտին վրայ կրեց 5-3 արդիւնքով պարտութիւն մը, նահանջեց չորրորդ դիրք: Նշենք, որ մրցումին ութ կոլերն ալ նշանակուեցան ութ տարբեր...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայկ Իշխանեան Իր Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Գանձասար-Կապանի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ՝ Հայկ Իշխանեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Գանձասար-Կապանի հետ, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 31 տարեկան Իշխանեան, որ արդէն իսկ բաւական մեծ փորձառութիւն ունի կապանեան խումբին հետ, անոր հետ ստորագրեց մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը: Նախքան իր նոր ակումբին միանալը, ան մաս կը կազմէր Ալաշկերտի: Նշենք,...

Իտալական Ֆութպոլ. Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Իւրայատուկ Մրցանիշը

Եուվենթուսի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իւրայատուկ մրցանիշ մը հաստատեց Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 34-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Լացիօ Ռոմայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: 35 տարեկանֆութպոլիստը, վերոնշեալ մրցումին նշանակեց երկու կոլ: Այդ երկու կոլերը, անոր համար եղան 50-րդ եւ 51-րդ կոլերը՝ «Քալչիո»-ի մրցումներուն ընթացքին: Այսպիսով, ան հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ 50 եւ աւելի շատ կոլ կը նշանակէ՝...

Ռէալ Մատրիտ Անժամկէտ Պայմանագրութիւն Պիտի Առաջարկէ Զիտանի

Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը, անժամկէտ պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ ակումբին գլխաւոր մարզիչ՝ Զինետտին Զիտանի: Այս մէկը ֆրանսացիին հնարաւորութիւն պիտի տայ ակումբէն հեռանալ միայն իր ուզած ժամանակ եւ ան որեւէ պահու չի կրնար պաշտօնանկ ըլլալ իր ակումբին կողմէ: Նշենք, որ 48 տարեկան Զիտան, արքայական ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնեց՝ 2016-2018 ժամանակամիջոցին: Տարի մը անց, ան դարձեալ գլխաւորեց Ռէալը: Անոր...

Ճատրակ. Առցանց Օլիմփիատին Մասնակցող Հայաստանի Կազմերը Յստակացան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կայքէն կը տեղեկանաք, որ յստակացան Հայաստանի հաւաքականին կազմերը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ճատրակի միջազգային առցանց Օլիմփիատին: Տղոց կազմին մէջ են՝ Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Սամուէլ Տէր-Սահակեան (վերջին երկուքը պահեստի խաղացողներ են): Խումբին մարզիչն է՝ Արշակ Պետրոսեան: Աղջկանց հաւաքականին մէջ են՝ Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան: Պահեստի խաղացողներն են՝ Մարիա Գէորգեան եւ Սուզաննա Գաբոյեան,...

Հայկական Ֆութպոլ. Խորէն Բայրամեան՝ Հայաստանի Հաւաքականին Նոր Անդամ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Խորէն Բայրամեան հրաւէր ստացաւ, մաս կազմելու համար Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: 28 տարեկան Բայրամեան, շուտով պիտի միանայ հաւաքականին, որ պիտի սկսի յատուկ հաւաքի մը, պատրաստուելու համար Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի «Ազգերու Լիկա»-ի  ֆութպոլի մրցաշարքին: Ան ծնած է՝ 2 յունուար 1992-ին, Տաւուշի մարզի Կոթի գիւղին մէջ: Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մեծ մասը...

2020-ի «Ոսկիէ Գնդակ»-ին Մրցանակաբաշխութիւնը Պիտի Չկատարուի

Միջազգային ֆութպոլի ամէնէն աւելի շատ սպասուած «Ոսկիէ Գնդակ»-ին մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի պիտի չկատարուի, այս գծով յայտնեցին անոր կազմակերպիչները: Ֆրանսական ամէնէն աւելի շատ հեղինակութիւն ունեցող «France Football» պարբերաթերթը, այս տարի «Ոսկիէ Գնդակ»-ը պիտի չյանձնէ որեւէ ֆութպոլիստի: Այս մէկը բնականաբար հետեւանքն է «Քորոնա» ժահրին, որուն պատճառով ընդհատուեցաւ շարք մը ախոյեանութիւններուն ընթացքը եւ անոնց վերսկսումէն ետք, անոնք ընթացան ոչայդքան հաւասար եւ արդար պայմաններու...

«Քալչիօ». Հենրիխ Մխիթարեան՝ Կոլի Հեղինակ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ա. Էս. Ռոմա հիւրընկալեց Ինթեր Միլանին: Հիւրընկալ կազմը թէեւ բաւական մօտ էր ապահովելու մրցումին երեք կէտը, սակայն մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով, երբ 87-րդ վայրկեանին պելճիքացի յառաջապահ՝ Ռոմելու Լուքաքու փենալթի-ով նշանակեց Ինթերի հաւասարութեան կոլը: Մինչեւ անոր նշանակած կոլը, փորթուգալցի Փաուլօ Ֆոնսեքայի գլխաւորած կազմը կը յառաջանար 2-1 արդիւնքով, շնորհիւ Հայաստանի ֆութպոլի...

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Յաղթեց Հունգարիոյ Կրան-Փրի-ին

Երէկ՝ կիրակի, տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2020-ի աշխարհի ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանի կրան-փրի-ն՝ Հունգարիոյ մէջ: Անիկա աւարտեցաւ գործող ախոյեանին, Մերսետես-ի անգլիացի վարորդ՝ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով, որ այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռետ-Պուլ-ի վարորդ՝ Մաքս Վերսթափեն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց  Հեմիլթընի խմբակից՝ Վալթերի Պոթթաս: Նշենք, որ Հուգարիոյ մէջ իր 8-րդ յաղթանակը արձանագրելով, Հեմիլթըն յաջողեցաւ յաղթանակներու քանակով (նոյն...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Չելսի-Արսենալ Աւարտական՝ Յառաջիկայ 1 Օգոստոսին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները, որոնք երկուքն ալ անյաջող եղան Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերուն համար: Նշենք, որ անոնք երկուքն ալ տեղի ունեցան «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ: Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Արսենալ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մանչեսթըր Սիթիի դէմ, շնորհիւ՝ Փիեր-Էմերիք Օպամեյանկի նշանակած կոլերուն: Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, այդ մէկը եւս անյաջող եղաւ Մանչեսթըր քաղաքի...

Փորթուգալեան Ֆութպոլ. Փորթօ Ախոյեան՝ 29-րդ Անգամ Ըլլալով

Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ արձանագրուած արդիւնքները, եկան պաշտօնապէս յայտարարելու 2019-2020 տարեշրջանին ախոյեանին անունը: Փորթօ, իր պատմութեան մէջ 29-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրին ախոյեան եւ այդ մէկը՝ տարեշրջանին աւարտէն երկու հանգրուան առաջ: Անիկա 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սփորթինկ Լիզպոնին (երրորդ), ութ կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը ունեցաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պենֆիքայի վրայ: Այս վերջինը նոյն արդիւնքով յաղթեց...

«Լա-Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Ախոյեան՝ 34-րդ Անգամ Ըլլալով

Երէկ գիշեր տեղի ունեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ հռչակուեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեան, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վիարէալի դէմ, շնորհիւ ֆրանսացի յառաջապահ՝ Քարիմ Պենզեմայի նշանակած երկու կոլին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռէալ Մատրիտ անհասանելի դարձաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնայի համար, որ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով...

«ՖԻՖԱ». Հայաստան Մնաց Իր Նոյն Դիրքին Վրայ՝102-րդ

Երէկ՝ հինգշաբթի, ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը՝ «ՖԻՖԱ»-ն, հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, մնաց իր նոյն դիրքին վրայ՝ 102-րդ, իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 1213 կէտ: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Պելճիքա, 1765 կէտով: Անոր կը յաջորդէ ֆրանսա (1733), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Պրազիլ ( 1712):

Լիբանանեան Մարզական Լրագրողներու Հանդիպում-Ժողով

Երեքշաբթի, 14 յուլիսին, «Լանքասթըր Իտըն Պէյ» համալիրին մէջ (Ժընահի շրջան), տեղի ունեցաւ լիբանանեան մարզական լրագրողներու հանդիպում-ժողով մը, ներկայութեամբ՝ շուրջ երկու հարիւր անձերու: Այս հանդիպում-ժողովը առիթ մը եղաւ անոր ներկայ գտնուած բոլոր լրագրողներուն համար, քննարկելու լիբանանեան մարզական մամուլին դիմագրաւած բաւական դժուարին հարցերը, բոլոր այն կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն նման, որոնք ներկայիս կ՛ապրին ծանր պայմաններու մէջ եւ մեծ պայքար կը տանին այս տնտեսական...

Page 601 of 1279 1 … 600 601 602 … 1,279

Արխիւներ