Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն մասին, նշելով որ այն մտավախութիւնը կայ, որ անոնք կրնան կատարուիլ առանց հանդիսատեսներու, բնականաբար «Քորոնա» ժահրին պատճառով, որ կը շարունակէ աշխարհը մատնել ահ ու սարսափի:
Սակայն ներկայ դրութեամբ, այդ գծով պաշտօնապէս ոչինչ կ՛ըսուի:
Լրատու այլ աղբիւրներ կ՛ըսեն, Միջազգայի Ողիմպիական Կոմիտէն շատ հաւանաբար այդ խաղերը դարձեալ յետաձգէ:
Նշենք, որ 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերը պիտի պահեն իրենց անուանումը՝ Թոքիօ-2020, հակառակ անոր, որ անոնք տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսէն 8 օգոստոս 2021-ին: