Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ա. Էս. Ռոմա հիւրընկալեց Ինթեր Միլանին:
Հիւրընկալ կազմը թէեւ բաւական մօտ էր ապահովելու մրցումին երեք կէտը, սակայն մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով, երբ 87-րդ վայրկեանին պելճիքացի յառաջապահ՝ Ռոմելու Լուքաքու փենալթի-ով նշանակեց Ինթերի հաւասարութեան կոլը:
Մինչեւ անոր նշանակած կոլը, փորթուգալցի Փաուլօ Ֆոնսեքայի գլխաւորած կազմը կը յառաջանար 2-1 արդիւնքով, շնորհիւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեանի նշանակած կոլին (57-րդ վայրկեանին):
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Ինթեր Միլան բարձրացաւ 2-րդ դիրք, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 72 կէտ եւ հինգ կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Եուվենթուսէն: Ա. Էս. Ռոմա, որ կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը, ունի 58 կէտ:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ ժամը 22:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Եուվենթուս կը հիւրընկալէ Լացիօ Ռոմային (4-րդ):



