Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ արձանագրուած արդիւնքները, եկան պաշտօնապէս յայտարարելու 2019-2020 տարեշրջանին ախոյեանին անունը:
Փորթօ, իր պատմութեան մէջ 29-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրին ախոյեան եւ այդ մէկը՝ տարեշրջանին աւարտէն երկու հանգրուան առաջ:
Անիկա 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սփորթինկ Լիզպոնին (երրորդ), ութ կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը ունեցաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պենֆիքայի վրայ: Այս վերջինը նոյն արդիւնքով յաղթեց Վիթորիա Կիմարաէշին: