Ռուսական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը պիտի սկսի յառաջիկայ 7 օգոստոսին:
Նշուեցաւ, որ ախոյեանութեան ամբողջական յայտագիրը պիտի հրապարակուի այսօր՝ ուրբաթ, երբ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը հանդիպում մը պիտի ունենայ Ա. դասակարգի ակումբներուն պատասխանատուներուն հետ:
Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին ախոյեան հանդիսացաւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, երբ անիկա 26-րդ հանգրուանին, 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քրասնոտարին, ժամանակէն առաջ հռչակուեցաւ երկրին ախոյեան: