Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ. Գոռ Մալաքեան` Փիւնիկի Ֆութպոլիստ

Արարատ-Արմենիայի նախկին ֆութպոլիստ՝ Գոռ Մալաքեան ունեցաւ իր նոր ակումբը, որ դարձեալ ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ: Այսպիսով, անոր նոր ակումբը եղաւ Փիւնիկ Երեւանը: Այժմ 26 տարեկան Մալաքեան, անցեալին եղած է Փիւնիկի սան: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին ֆութպոլիստը, իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 18 միջազգային մրցում:  

Իտալական Ֆութպոլ. 2020-2021 Տարեշրջանը Պիտի Սկսի 19 Սեպտեմբերին

Իր լուրը քաղելով Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն, իտալական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2020-2021 տարեշրջանը պիտի սկսի յառաջիկայ 19 սեպտեմբերին, երբ տեղի պիտի ունենան Ա. հանգրուանին գծով շարք մը մրցումներ: Ախոյեանութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի 23 մայիս 2021-ին: Ինչպէս ծանօթ է, որ բոլոր երկիրներու ախոյեանութիւններուն նման, Իտալիոյ ընդմիջուած ախոյեանութիւնը վերսկսաւ նախորդ 20 յունիսին...

Տրոկպա Կ՛ուզէ Դառնալ Իր Երկրին Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը

Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբին նախկին յառաջապահ՝ Տիտիէ Տրոկպա, շատ հաւանաբար նշանակուի Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ: Ապիճանի մէջ իր ունեցած մէկ ելոյթին ընթացքին, այս գծով յայտնեց 42 տարեկան անցեալի անուանի ֆութպոլիստը: «Գաղտնիք չէ այն երբ ըսեմ, որ Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլը իր լաւ օրերուն մէջ չէ: Ֆութպոլը հասանելի է բոլորին համար, բայց անիկա պէտք է գտնուի իր լաւ օրերուն մէջ եւ...

Անգլիական Ֆութպոլ. Արսենալ Անգլիոյ Բաժակակիր՝ 14-րդ Անգամ Ըլլալով

Շաբաթ, 1 օգոստոսին, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան լոնտոնեան երկու կազմեր՝ Չելսի եւ Արսենալ: Թէեւ Չելսի ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, շնորհիւ Քրիսթիան Փուլիսիչի (5-րդ), սակայն Արսենալ նշանակեց երկու կոլ եւ արձանագրելով 2-1արդիւնքով յաղթանակ մը, տիրացաւ տիտղոսին: Արսենալի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Փիեր-Էմերիք Օպամեյանկ, որ տուպլէ մը իրագործեց (28-րդ՝...

Էդկար Մանուչարեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին յառաջապահ՝ Էդկար Մանուչարեան, այսօր պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 19 յունուար 1987ին Երեւանի մէջ ծնած Մանուչարեան, որ 18 տարի ելոյթ ունեցած է ֆութպոլի կանաչ դաշտերուն վրայ, 15 տարեկանէն սկսած է հանդէս գալ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականին հետ: Ան մաս կազմած է շարք մը...

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան՝ 7-րդ Դիրքին Վրայ

«ՖԻՏԷ»-ին կողմէ հրապարակուած ճատրակի միջազգային նոր դասաւորման մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար կրանտմասթըր՝ Լեւոն Արոնեան, մնաց իր նոյն դիրքին վրայ՝ 7րդ: Աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի մակնուս Քարլսըն, կը շարունակէ պահել պարագլուխի դիրքը: Առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ Հայաստանի չորս այլ ներկայացուցիչներ ալ: Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 53-րդ դիրքը,Կարէն Գրիգորեան 71-րդ դիրքը, Հրանդ Մելքումեան՝ 77-րդ դիրքը, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան՝ 98-րդ դիրքը:

Ալեքսանտր Կարապետեան Ունեցաւ Իր Նոր Ակումբը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ՝ Ալեքսանտր Կարապետեան ունեցաւ իր նոր ակումբը: Նշուեցաւ, որ ան մաս կազմեց Թամփովի, յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան ստորագրեց երկու տարուան պայմանագրութիւն մը: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ չփոխանցուեցան անոր ստորագրած պայմանագրութեան գծով: Նշենք, որ նախորդ 30 յուլիսին, ան լքեց իր ակումբը՝ Սոչին, որուն հետ 21 մրցումի ընթացքին նշանակեց երկու կոլ: Ան իր ակումբէն հեռացաւ ազատ գործակալի կարգավիճակով:...

Իտալական Ֆութպոլ. Ա. Էս. Ռոմա Յաղթանակով Աւարտեց Տարեշրջանը

Երէկ՝ կիրակի, 2 օգոստոսին իր աւարտին հասաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան  2019-2020 տարեշրջանը («Քալչիո»-ն), երբ տեղի ունեցան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Իր կատարած վերջին մրցումին Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ երկու հանգրուան առաջ ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուսին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Արձանագրուած այս յաղթանակին իր մասնակցութիւնը չբերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նկատի առնուած էր իբրեւ...

Հայկական Ֆութպոլ. 2020-2021 Տարեշրջանը Կը Սկսի Ալաշկերտ-Արարատ Արմենիա Բացման Մրցումով

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 14 օգոստոսին ազդանշանը կը տրուի Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին: Անոր հետ միասին պիտի սկսի նաեւ Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնն ալ: Ֆետերասիոնը նշեց նաեւ, որ հրապարակուած յայտագիրը կրնայ ըլլալ, որ փոփոխութեան ենթարկուի, նայած, թէ «Քորոնա» ժահրը ինչ զարգացում պիտի ունենայ: Նշենք, որ բացման մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին՝ Ալաշկերտ եւ...

Յունահռոմէական Ոճի Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Սկսաւ Իր Հաւաքին

Երէկ՝ չորեքշաբթի, 29 յուլիսին, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը սկսաւ իր հաւաքին, Ծաղկաձորի մէջ: «Քորոնա» ժահրին պատճառով, այս հաւաքը պիտի կատարուի առանց կողմնակի անձերու, այլ միայն՝ մարզիկներով, մարզիչներով եւ թեքնիք պատասխանատուներով: Անիկա պիտի աւարտի յառաջիկայ 11 օգոստոսին: Նշենք, որ այս հաւաքը պիտի սկսէր այս ամսուան սկիզբը: Սակայն անիկա յետաձգուեցաւ, նկատի ունենալով որ հաւաքականին երեք անդամները վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով:  

«ԱՊՀ» Երկիրներու Առաջին Խաղերը Կրնան Դարձեալ Յետաձգուիլ

Հայաստանի ազգային ողիմպիականին կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ «ԱՊՀ» երկիրներու առաջին խաղերը կրնան դարձեալ յետաձգուիլ: Սկիզբը որոշուած էր այս խաղերը կայացնել յառաջիկայ օգոստոսին: Սակայն ապա, անիկա յետաձգուեցաւ յառաջիկայ սեպտեմբերին, իսկ այժմ՝ յառաջիկայ հոկտեմբերին: Նշուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ այս խաղերուն: Նախնական տուեալներով, կ՛ակնկալուի, որ այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերեն 11 երկիրներու 14-23 տարեկան աւելի քան...

Թենիս. Նատալ Եւ Ճոքովիչ Պիտի Մասնակցին Սինսինաթիի Մրցաշարքին

Յառաջիկայ 20-28 օգոստոսին, Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի պիտի ունենայ Սինսինաթիի թենիսի միջազգային մրցաշարքը: Այս մրցաշարքին կազմակերպիչները, երէկ հրապարակեցին անոր մասնակցող մարզիկներուն անունները: Անոնց կարգին են՝ Ռաֆայէլ Նատալ, Նովաք Ճոքովիչ, Տոմինիք Թիեմ եւ շարք մը այլ անուանի թենիսմէններ: Իսկ աղջկանց մրցաշարքին մասնակցողներուն կարգին է՝ Սերենա Ուիլիամս:  

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հավաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հավաքին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ երէկ, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հավաքականը սկսաւ իր մարզական հավաքին, ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ՝ Արթուր Ոսկանեան, այս հաւաքին համար նկատի առաւ 23 ֆութպոլիստներ, որպէսզի անոնք, յառաջիկային տեղի ունենալիք պաշտօնական մրցումներուն համար պատրաստ ըլլան: Այս մարզական հավաքին վերջին օրը՝վաղը 30 յուլիսին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հավաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի...

Ճատրակ. Հայրապետեան. «Երեւանի Մարզադպրոցները Պէտք Է Նոր Կեանք Ստանան»

Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահ՝ Մխիթար Հայրապետեան, նախանցեալ օր, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ Երջանիկ Յակոբեանի եւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին փոխնախագահ՝ Նորայր Քալանթարեանի հետ, այցելեց Նոր Նորքի եւ Աւանի ճատրակի դպրոցները: Իր այս այցելութիւններուն ընթացքին, պահը յարմար նկատելով Հայրապետեան ըսաւ, որ Երեւանի մարզադպրոցները ամէն գնով պէտք է նոր կեանք ստանան: Ան աւելցուց ըսելով նաեւ, որ ճատրակի այժմու այս մարզադպրոցները, բաւականին նորոգութեան պէտք ունին,...

Անգլիական Ֆութպոլ. Քլոփ Արժանացաւ «Ալեքս Ֆերկըսըն»-ի Անուան Մրցանակին

Լիվըրփուլի գլխաւոր մարզիչ՝ Եիւրկըն Քլոփ, ճանչցուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 2019-2020 տարեշրջանին լաւագոյն մարզիչը, այս գծով երէկ յայտնեց անգլիական մամուլը: Մրցանակը, որ կը յանձնուի տարեշրջանի մը ընթացքին լաւագոյն արդիւնք արձանագրած մարզիչներուն, կը կրէ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին գլխաւոր մարզիչին՝ Ալեքս Ֆերկըսընի անունը: Նշենք, որ Քլոփ առաջին գերմանացի մարզիչն է, որ կը տիրանայ «Ալեքս Ֆերկըսըն»-ի անուան այս մրցանակին: Քլոփ, որ...

Մխիթարեան Մարզաշապիկներ Նուիրեց Հայ Վիրաւոր Զինուորներուն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, ազգային հաւաքականին մարզաշապիկներ նուիրեց հայ վիրաւոր զինուորներուն, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոնց ուղղած իր նամակին մէջ Մխիթարեան ըսաւ. «Կը խոնարհիմ ձեր խիզախ կեցուածքին դիմաց: Շնորհակալ եմ, որ անսասան կանգնած էք եւ քաջաբար կը պաշտպանէք Հայաստանի սահմանները՝ ազերիական ոտնձգութիւններուն դէմ»: Մխիթարեան խոստացաւ, որ երբ...

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Արմենիա-Նոա Մրցումը՝ 9 Օգոստոսին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 9 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Յակոբ Տոնոյեանի անուան Հայաստանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին՝ Արարատ Արմենիա-Նոա մրցումը: Նշենք, որ Արարատ Արմենիա Հայաստանի ախոյեանն է, իսկ Նոա՝ Հայաստանի բաժակակիրը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19։00-ին՝ Երեւանի ժամանակացոյցով: Այս հանդիպումը պիտի կատարուի առանց հանդիսատեսներու:  

Ֆութսալ. 2020-2021 Տարեշրջանը Պիտի Սկսի Սեպտեմբերին

Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը պիտի սկսի յառաջիկայ սեպտեմբերին, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ախոյեանութեան բոլոր մրցումներն ալ սկզբունքով տեղի պիտի ունենան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մարզադաշտին վրայ: Գերխճողուած յայտագիրի պարագային, կարգ մը մրցումներ տեղի պիտի ունենան այլ մարդաշտերու վրայ: Մասնակցության համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերու ներկայացման վերջին պայմաժամ ճշդուած է 5 օգոստոսը:

Հայկական Ֆութպոլ. Դաւիթ Մանոյեան Միացաւ Արարատ-Երեւանի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող՝ Դաւիթ Մանոյեան, նախորդ շաբաթավերջին միացաւ Արարատ-Երեւանի, այս գծով յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոր վերջին ակումբը եղած էր Շիրակ Գիւմրին: Ան մաս կազմած է նաեւ, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելութ ունեցող երկու այլ կազմերու ալ՝ Ալաշկերտի եւ Նոայի: Տարբեր տարիներու ընթացքին, ան մասնակցած է նաեւ՝ Կիպրոսի, Լեհաստանի եւ Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն: Նշենք, որ...

«Փրեմիեր-Լիկ». 2019-2020 Տարեշրջանը Հասաւ Իր Աւարտին

Երէկ՝ կիրակի, 26 յուլիսին, աւարտեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 2019-2020 տարեշրջանը, երբ կատարուեցան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Ժամանակէն առաջ ախոյեանութեան տիտղոսը ապահոված Լիվըրփուլ, տարեշրջանը աւարտեց 99 կէտով, երբ արձանագրեց տարեշրջանի իր 32-րդ յաղթանակը, 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւքասըլի դաշտէն: Նշենք, որ Լիվըրփուլ ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստացաւ նախորդ հանգրուանին, երբ կատարեց տարեշրջանի իր վերջին մրցումը, իր սեփական դաշտին՝ «Էնֆիլտ»-ի մէջ:...

Page 600 of 1279 1 … 599 600 601 … 1,279

Արխիւներ