Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կայքէն կը տեղեկանաք, որ յստակացան Հայաստանի հաւաքականին կազմերը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ճատրակի միջազգային առցանց Օլիմփիատին:
Տղոց կազմին մէջ են՝ Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Սամուէլ Տէր-Սահակեան (վերջին երկուքը պահեստի խաղացողներ են): Խումբին մարզիչն է՝ Արշակ Պետրոսեան:
Աղջկանց հաւաքականին մէջ են՝ Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան: Պահեստի խաղացողներն են՝ Մարիա Գէորգեան եւ Սուզաննա Գաբոյեան, իսկ մարզիչը՝ Զաւէն Անդրէասեան:
Ինչ կը վերաբերի 20 տարեկանէն վար կազմին, անոր մէջ են՝ Հայկ Մարտիրոսեան, Աննա Մարգարեան, Շանթ Սարգսեան եւ Մարիամ Աւետիսեան (վերջին երկուքը պահեստի խաղացողներ են): Իսկ անոնց մարզիչն է՝ Արտաշէս Մինասեան:
Նշենք, որ խումբերը բաղկացած պէտք է ըլլան՝ 6 հիմնական եւ 6 պահեստի խաղացողներով: Հիմնական կազմին մէջ պէտք է որ ըլլան՝ 2 տղաք, 2 աղջիկներ, ինչպէս նաեւ 20 տարեկան վար մէկ տղայ եւ մէկ աղջիկ:
Օլիմփիան տեղի պիտի ունենայ՝ յառաջիկայ 22-30 յուլիսին: Իսկ անոր մասնակցող կազմերը պիտի ըլլան թիւով 163:



