Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները, որոնք երկուքն ալ անյաջող եղան Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերուն համար: Նշենք, որ անոնք երկուքն ալ տեղի ունեցան «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Արսենալ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մանչեսթըր Սիթիի դէմ, շնորհիւ՝ Փիեր-Էմերիք Օպամեյանկի նշանակած կոլերուն:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, այդ մէկը եւս անյաջող եղաւ Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ կազմին՝ Եունայթըտի համար, որ 3-1 արդիւնքով տեղի տուաւ Չելսիի դիմաց: Եունայթըտ իր ուշացած կոլը նշանակեց 86-րդ վայրկեանին՝ փենալթիով:
Աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 1 օգոստոսին, դարձեալ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ:



