Երէկ՝ կիրակի, տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2020-ի աշխարհի ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանի կրան-փրի-ն՝ Հունգարիոյ մէջ:
Անիկա աւարտեցաւ գործող ախոյեանին, Մերսետես-ի անգլիացի վարորդ՝ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով, որ այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռետ-Պուլ-ի վարորդ՝ Մաքս Վերսթափեն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Հեմիլթընի խմբակից՝ Վալթերի Պոթթաս:
Նշենք, որ Հուգարիոյ մէջ իր 8-րդ յաղթանակը արձանագրելով, Հեմիլթըն յաջողեցաւ յաղթանակներու քանակով (նոյն երկրին մէջ), հաւասարիլ գերմանացի Միքայէլ Շումախըրին, որ անցեալին Ֆրանսայի մէջ արձանագրած էր ութ յաղթանակ:
Այսպիսով, Հեմիլթըն «Ֆորմիւլա-1»-ի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին արձանագրեց իր 86-րդ յաղթանակը: Յաղթանակներու մրցանիշը թէեւ կը պատկանի Շումախըրի (91 անգամ), բայց անկասկած, որ շուտով Հեմիլթըն պիտի ըլլայ նոր մրցանակակիրը:



