Մարզական

Հայկական Մարզաշխարհ. Յունահռոմէական Ոճի Երեք Ըմբիշներ Վարակուած՝ «Քորոնա» Ժահրով

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, , որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականին երեք ըմբիշներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Սկզբունքով, հաւաքականը պէտք էր ուսումնամարզական հաւաք մը կատարէր Ծաղկաձորի մէջ, սակայն այդ մէկը չեղեալ համարուեցաւ, մինչեւ որ մարզիկները ամբողջութեամբ չբուժուին: Նշենք, որ ֆետերասիոնը այդ հիւանդութեամբ վարակուած մարզիկներուն անունները որոշեց չհրապարակել:

2022-ի Մոնտիալ. «ՖԻՖԱ»-ն Հրապարակեց Մրցումներուն Կայացման Թուականը

Երէկ, ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը՝ «ՖԻՖԱ»-ն, հրապարակեց  2022-ի Մոնտիալի մրցումներուն կայացման թուականը: Անիկա պիտի սկսի 21 նոյեմբերին, մինչ աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ՝ 18 դեկտեմբերին: Խմբակներու դրութեամբ կատարուելիք մրցումները տեղի պիտի ունենան, 21 նոյեմբերէն՝ 2 դեկտեմբեր: 9-10 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան քառորդ աւարտականի մրցումները, իսկ 13-14 դեկտեմբերին՝ կիսաւարտականի ճակատումները: Ինչպէս ծանօթ է, որ 2022-ի Մոնտիալին հիւրընկալ երկիրն է՝ Քաթարը:  

Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով Արարատ-Արմենիա՝ Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեան

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի վերջին հանգրուանի վճռորոշ մրցումին, իրարու դէմ մրցեցան երկրին գործող ախոյեանը՝ Արարատ-Արմենիա եւ քանի մը օրեր առաջ երկրին բաժակակիր հանդիսացած՝ Նոան: Վճռորոշ՝ այն իմաստով, որ մրցումին յաղթականը պիտի հռչակուէր Հայաստանի ախոյեան, նկատի ունենալով որ առաջինը ունէր 49 կէտ, մինչ երկրորդը՝ 48: Նշենք սակայն, որ Արարատ-Արմենիա հաւասարութեամբ մըն ալ պիտի բաւարարուէր: Արձանագրելով՝ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ...

Ճատրակ. Մանուէլ Պետրոսեան՝ Ստեփան Աւագեանի Յուշամրցաշարքին Տիտղոսակիր

Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող Ստեփան Աւագեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումները: Մրցաշարքը կ՛աւարտի այսօր: Դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող՝ Մանուէլ Պետրոսեան այլ յաղթանակ մըն ալ արձանագրելով, ունեցաւ 7 կէտ, աւելիով անհասանելի դարձաւ իր մրցակիցներուն համար եւ բնականաբար հանդիսացաւ տիտղոսակիր, առանց սպասելու վերջին հանգրուանի հանդիպումներուն արդիւնքներուն: Անոր ետին երկրորդ դիրքը 5,5 կէտով կը...

Երեւանեան Մարաթոնը Այս Տարի Պիտի Չկատարուի

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին ըսելով, որ այս տարուան երեւանեան մարաթոնը պիտի չկատարուի, «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Անոր կազմակերպիչները մասնակցողներուն թելադրեցին, որ այժմէն իսկ կրնան նախապատրաստուիլ  յառաջիկայ տարուան մարաթոնին:

Նշանառութիւն. Յառաջիկայ 17 Յուլիսին՝ 2018 Եւ 2019 Տարիներու Մրցանակաբաշխութիւնը

Լիբանանի նշանառութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ ուրբաթ, 17 յուլիսին, ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ 2018 եւ 2019 տարիներու մրցանակաբաշխութիւնը, բոլոր անոնց, որոնք մրցանակային դիրքեր գրաւեցին, ըլլայ տեղական եւ ըլլայ միջազգային գետնի վրայ: Այս մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նաքքաշի շրջանին մէջ գտնուող Ժալըխ ընտանիքին պատկանող տան մէջ (Էմ. Թի. Վի. պատկերասփիւռի շէնք):

Հայկական Ֆութպոլ. Յառաջիկայ Հոկտեմբերին՝ Հայաստան- Լուքսամպուրկ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականը յառաջիկայ 25 հոկտեմբերին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Լուքսամպուրկի դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ: Բաւական երկար բացակայութենէ մը ետք, այս տարուան փետրուարին, հայրենի կազմը սկսաւ վերակազմաւորուիլ եւ կատարել իր ուսումնամարզական հաւաքը, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւ հաւաքական մը ստեղծել: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է՝...

Եիւրկըն Քլոփ Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզի՞չ

Գերմանական «Bild» հանրածանօթ պարբերաթերթը յայտնեց ըսելով, որ Լիվըրփուլի մարզիչ՝ Եիւրկըն Քլոփ շատ հաւանաբար ըլլայ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յաջորդ մարզիչը: Քլոփ մօտէն հետաքրքրուած է ստանձնելու համար այս պաշտօնը, մինչ միեւնոյն ժամանակ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը եւս համամիտ կը թուի ըլլալ անոր՝ այդ պաշտօնը ստանձնելու գծով: Նշենք, որ վերջերս Քլոփ յայտարարած էր ըսելով, որ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին պիտի մնայ Լիվըրփուլի հետ,...

Հայկական Ֆութպոլ. Նոա Դարձաւ Հայաստանի Բաժակակիր

Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականին, իրարու դէմ մրցեցան՝ Նոա եւ Արարատ-Արմենիա: Նկատի ունենալով որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 5-5 արդիւնքով, այդ մէկը պատճառ դարձաւ որ մրցումին յաղթականը վճռելու համար դիմուի անխուսափելիին՝ փենալթի-ներուն: Յաղթելէ ետք Արարատ-Արմենիային, այսպիսով Նոա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ Հայաստանի բաժակակիր: Այս մրցումին ներկայ եղաւ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ՝ Խոաքին Քափարոս:  

«Քալչիօ». Մխիթարեան Ճանչցուեցաւ 31-րդ Հանգրուանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Իտալական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուեցաւ 31-րդ հանգրուանի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Այս հանգրուանին, անոր կազմը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Փարմայի դէմ: Հայրենի ֆութպոլիստր կերտեց իր կազմին յաղթանակը, նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով նշանակուած երկրորդ կոլին փոխանցումը: Ինչ կը վերաբերի 32-րդ հանգրուանին, ան իր մասնակցութիւնը չբերաւ Պրեշիայի դէմ արձանագրուած...

«Ֆորմիւլա-1». Սթիրիընի Կրան-Փրի-ին Յաղթականը՝ Լուիս Հեմիլթըն

Երէկ՝ կիրակի, 12 յուլիսին, տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա»-ի 2020-ի աշխարհի ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի կրան- փրի-ն, առաջինին նման՝ դարձեալ Աւստրիոյ մէջ: Սթերիընի այս կրան-փրի-ին յաղթականը եղաւ, գործող ախոյեան անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն, որ իր ինքնաշարժին՝ Մերսետես-ի հետ արձանագրեց՝ 1 ժամ 22’ 50’’ արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից՝ Վալթերի Պոթթաս, 13” ուշացումով: Իսկ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը եղաւ Ռետ-Պուլ-ի մաս...

Լիբանանեան Մարզաշխարհ. «Պիչ-Ֆութպոլ»-ի 2019-2020 Տարեշրջանը Կը Սկսի 30 Յուլիսին

Երէկ՝ հինգշաբթի,9 յուլիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի «Պիչ-ֆութպոլ»-ի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, ներկայութեամբ՝ ֆետերասիոնին անդամներուն, որոնց կարգին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, «Պիչ-ֆութպոլ»-ի յանձնախումբի նախագահ՝ Վահրամ Պարսումեանի, ինչպէս նաեւ ախոյեանութեան մասնակցող ակումբներուն ներկայացուցիչներուն: Ախոյեանութիւնը կը սկսի յառաջիկայ 30 յուլիսին: ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ՝ Շապապ Ժընահը, Լիբանանեան Ռեժին, Պաքսաթան, Հըրրիէ Սայտան,...

Հայկական Մարզաշխարհ. Արմէն Մելիքբեկեան Ունեցաւ Երկու Նոր Խորհրդականներ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ կազմակերպութեան նախագահը՝ Արմէն Մելիքբեկեան ունեցաւ երկու նոր խորհրդականներ: «Ազգային Ժողով»-ի պատգամաւոր, «Իմ Քայլը» խմբակցութեան քարտուղար՝  Յակոբ Սիմիթեան նշանակուեցաւ կառավարութեան հետ կապերու խորհրդական (հասարակական հիմունքներով), իսկ ֆրանսական Տեսէն քաղաքի փոխքաղաքապետ եւ «FeedConstruct» ընկերութեան դեսպան Տենիս Ճորքայէֆ՝ միջազգային հարցերու խորհրդական:

«Լա-Լիկա». Այսօր՝ Ռէալ Մատրիտ-Ալաւես

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 35-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ, կը հիւրընկալէ Ալաւեսին, իսկ Ռէալ Սոսիետատ՝ Կրանատային: Ռէալ մատրիտ, որ իր մրցումը պիտի կատարէ ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 77 կէտ: Անիկա կէտով մը կը գերազանցէ Պարսելոնային, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ, 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը...

Հայկական Ֆութպոլ. Բաժակի Մրցաշարքին Աւարտականը՝ Առանց Հանդիսատեսներու

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականը, պիտի կատարուի առանց հանդիսատեսներու: Ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին ընթացքին, իրարու դէմ պիտի ճակատին՝ Նոա եւ Արարատ-Արմենիա: Անիկա տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ ուրբաթ, 10 յուլիսին: Հայկական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին ըսելով, որ ֆետերասիոնը դիմեց երկրին կառավարութեան, սահմանափակ թիւով համակիրներուն դաշտ մուտքը արտօնելու համար: Սակայն այդ...

«Քալչիօ». Ա. Էս. Ռոմա Յաղթեց. Մխիթարեան Կոլի Եւ Էսիսթի Հեղինակ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ա. Էս. Ռոմա Հռոմի մէջ հիւրընկալեց Փարմային: Հակառակ անոր որ հիւր կազմը 9-րդ վայրկեանին փենալթիով բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն 43-րդ վայրկեանին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց հռոմեան կազմին հաւասարութեան կոլը: Իսկ անոր մէկ խմբակիցը 85-րդ վայրկեանին նշանակեց այլ կոլ մը եւ Ա. Էս. Ռոմա յաղթեց՝ 2-1...

«ՖԻՖԱ». Յառաջիկայ Տարեշրջանին Եւս Հինգ Փոփոխութիւն

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը՝ «ՖԻՖԱ»-ն, որոշեց յառաջիկայ տարեշրջանին եւս ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին արտօնել խումբերուն կատարելու համար հինգ փոփոխութիւն, այս գծով երէկ յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ այս գծով վերոնշեալ կազմակերպութիւնը մինչեւ շաբաթավերջ պիտի հրապարակէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը: Բնականաբար այս մէկը «Քորոնա» ժահրին ձգած արդիւնքն է, նկատի ունենալով որ կը կարծուի, որ մարզիկներուն մօտ զգալի ըլլայ յոգնածութիւնը եւ անոնք ընդհանրապէս...

Հայաստան Կը Միանայ «UEFA Playmaker»-ի Ծրագիրին

Հայաստանի ֆութպոլի մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստան կը միանայ «UEFA Playmaker»-ի  ծրագիրին: Հայաստան առաջին երկիրներէն է, որ համաձայն գտնուած է այս ծրագիրը իրականացնել իր երկրին մէջ: «UEFA Playmaker» ծրագիրը, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի եւ աշխարհահռչակ «Տիզնի» ընկերութեան հետ համագործակցութիւնն է, որուն գլխաւոր նպատակն է, «Տիզնի»-ի հերոսներուն շնորհիւ, 5-8 տարեկան աղջիկներու շրջանակին մէջ խթանել, ֆութպոլի տարածումն ու խթանումը: Ծրագիրին մեկնարկը...

Հայաստան Պիտի Չմասնակցի «ԱՊՀ»-ի Առաջին Խաղերուն

Հայաստանի Ազգային Ողիմպիականի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան առաջին խաղերուն: Այդ մէկին պատճառը, բնականաբար «Քորոնա» ժահրն է: «ԱՊՀ»-ի անդամ պետութիւններուն մարզական պատասխանատուներն ու թեքնիք յանձնախումբին անդամները, իրենց ունեցած աշխատանքային ժողովին ընթացքին («Zoom»-ով), քննարկած են այդ առաջին խաղերուն հետ կապուած տարբեր տեսակի հարցեր: Կը նախատեսուի, որ այդ խաղերը տեղի ունենան՝ 4-10 սեպտեմբերին:

Թենիս. Նատալ Պիտի Մասնակցի «Madrid Open»-ի Մրցաշարքին

Սպանացի անուանի թենիսմէն՝ Ռաֆայէլ Նատալ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ  Մատրիտի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, այս գծով յայտնեց նոյնինքն սպանացին, մրցաշարքին կազմակերպիչ՝ Ֆելիսիանօ Լոփեսի հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին: «Madrid open»-ի այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ այս տարի, 13-19 սեպտեմբերին, այսինքն այն ժամանակամիջոցին, երբ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու բաց ախոյեանութիւնը՝ «Եու. Էս. Օփըն»-ը: Նշենք, որ 34 տարեկան իր փորձերուն վերսկսաւ...

Page 602 of 1279 1 … 601 602 603 … 1,279

Արխիւներ