Երէկ գիշեր, Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն գծով տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ:
Անգլիոյ ախոյեանութեան գծով կատարուած երկու մրցումներով, ամբողջացան 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Ուեսթ Համի հետ, Չելսիէն խլեց երրորդ դիրքը: Չելսի, որ Լիվըրփուլի դաշտին վրայ կրեց 5-3 արդիւնքով պարտութիւն մը, նահանջեց չորրորդ դիրք: Նշենք, որ մրցումին ութ կոլերն ալ նշանակուեցան ութ տարբեր ֆութպոլիստներու կողմէ:
Յառաջիկայ 26 յուլիսին կ՛աւարտի 2019-2020 տարեշրջանը, երբ տեղի կ՛ունենան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները: