Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը, անժամկէտ պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ ակումբին գլխաւոր մարզիչ՝ Զինետտին Զիտանի: Այս մէկը ֆրանսացիին հնարաւորութիւն պիտի տայ ակումբէն հեռանալ միայն իր ուզած ժամանակ եւ ան որեւէ պահու չի կրնար պաշտօնանկ ըլլալ իր ակումբին կողմէ:
Նշենք, որ 48 տարեկան Զիտան, արքայական ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնեց՝ 2016-2018 ժամանակամիջոցին: Տարի մը անց, ան դարձեալ գլխաւորեց Ռէալը: Անոր գլխաւորութեամբ, Ռէալ տիրացած է 10 տիտղոսի:
Նշենք նաեւ, որ ան իբրեւ ֆութպոլիստ եւս մաս կազմած է Ռէալի՝ 2001-2006 տարիներուն: