Միջազգային ֆութպոլի ամէնէն աւելի շատ սպասուած «Ոսկիէ Գնդակ»-ին մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի պիտի չկատարուի, այս գծով յայտնեցին անոր կազմակերպիչները:
Ֆրանսական ամէնէն աւելի շատ հեղինակութիւն ունեցող «France Football» պարբերաթերթը, այս տարի «Ոսկիէ Գնդակ»-ը պիտի չյանձնէ որեւէ ֆութպոլիստի:
Այս մէկը բնականաբար հետեւանքն է «Քորոնա» ժահրին, որուն պատճառով ընդհատուեցաւ շարք մը ախոյեանութիւններուն ընթացքը եւ անոնց վերսկսումէն ետք, անոնք ընթացան ոչայդքան հաւասար եւ արդար պայմաններու մէջ:
Նշենք, որ այս մրցանակը ամէնէն աւելի շատ ստացած ֆութպոլիստն է, Արժանթինի ազգային խումբին եւ Պարսելոնայի յառաջապահ՝ Լիոնել Մեսսին (6 անգամ):



