Եուվենթուսի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իւրայատուկ մրցանիշ մը հաստատեց Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 34-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Լացիօ Ռոմայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
35 տարեկանֆութպոլիստը, վերոնշեալ մրցումին նշանակեց երկու կոլ: Այդ երկու կոլերը, անոր համար եղան 50-րդ եւ 51-րդ կոլերը՝ «Քալչիո»-ի մրցումներուն ընթացքին:
Այսպիսով, ան հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ 50 եւ աւելի շատ կոլ կը նշանակէ՝ Անգլիոյ, Սպանիոյ եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն ընթացքին (եւրոպական մրցաշարքերուն անոր նշանակած կոլերը նկատի չեն առնուած):
Լացիօ Ռոման 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք, Եուվենթուս այժմ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 80 կէտ: Անիկա այժմ վեց կէտի առաւելութիւն մը ունի երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Աթալանթայի վրայ: