Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քալչիօ». Եուվենթուս Ախոյեան՝ Յաջորդաբար 9-րդ Տարին Ըլլալով

July 27, 2020
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»յի 36-րդ հանգրուանի մրցումները:

Երկրին գործող ախոյեանը՝ Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Սամտորիային, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, տիտղոսը պահեց իր մօտ աւարտէն երկու հանգրուան առաջ: Այսպիսով, վերջին ինն տարիներուն, երկրին ախոյեանը մնաց՝ անփոփոխ:

Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Ֆետերիքօ Պերնարտեսչի: Նոյնինքն՝ Ռոնալտօ 89-րդ վայրկեանին փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել: Նշենք, որ 77-րդ վայրկեանին, հիւր կազմին մէկ մարզիկը կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Եուվենթուս ունեցաւ եօթը կէտի առաւելութիւն մը, երկրորդ դիրքը գրաւող Ինթեր Միլանի վրայ, որ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ճենովայի դաշտէն, ունեցաւ 76 կէտ:

Այլ մրցումի մը ընթացքին, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրընկալեց Ֆիորենթինային, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց՝ Ճորտըն Վերեթութ, երկուքն ալ՝ փենալթի-ով:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ հռոմեան կազմին հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, 82-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:

36-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Ա. Էս. Ռոմա 64 կէտով կը գրաւէ դասաւորման  5-րդ դիրքը:

Նախորդը

Էրտողան. «Թուրքիան Տարբեր Բեմահարթակներու Վրայ Իբրեւ Շրջանային Եւ Համաշխարհային Ուժ Իր Տեղը Գրաւեց` Շնորհիւ Թրքական Գաղտնի Սպասարկութեան Ազդեցութեան Աճին»

Յաջորդը

«Փրեմիեր-Լիկ». 2019-2020 Տարեշրջանը Հասաւ Իր Աւարտին

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.