Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնա եւ Եուվենթուս իրարու հետ համաձայնութեան եկած են, Լուիս Սուարեզի փոխանցման գծով:
Նշուեցաւ, որ իտալական կազմին միանալու համար Սուարեզ պէտք է հրաժարի Պարսելոնայի հետ կնքած պայմանագրութեան վերջին հանգրուանը հոն խաղալու գաղափարէն: Այդ մէկուն համար, Եուվենթուս քաթալոնիական կազմին պէտք է վճարէ՝ 3 միլիոն եւրօ:
Եթէ պատահի, որ Եուվենթուս հռչակուի Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, «Չեմփիընզ-Լիկ»-ին գծով Պարսելոնա պիտի ստանայ շուրջ 13 միլիոն եւրօ պարգեւավճար:
Նշենք, որ 33 տարեկան ուրուկուէյցի յառաջապահին պայմանագրութիւնը Պարսելոնայի հետ կ’աւարտի 2021-ին: