Կազմակերպութեամբ՝ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, Չարենցաւանի մէջ տեղի ունեցաւ աղջկանց ֆութպոլի 3×3-ի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 10,12 եւ14 տարեկանէն վար 16 խումբեր:
10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, տիտղոսակիր դարձաւ Նոայի կազմը, 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ՝ Ուեսթ Արմենիան, եւ վերջապէս 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ՝Ուրարտուն:
Մրցաշարքին բոլոր մասնակցողներն ալ պարգեւատրուեցան վկայագիրներով, յատուկ յուշանուէրներով, իսկ յաղթական խումբերը ստացան նաեւ տիտղոսներ: