«Ֆորմիւլա-1»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի քառակի ախոյեան, գերմանացի Սեպասթիան Վեթթել պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Ասթոն Մարթին հետ: Անիկա իր ելոյթներուն պիտի սկսի յառաջիկայ տարեշրջանին: Վեթթել պիտի փոխարինէ մեքսիքացիՍերճիօ Փերեսին:
Վեթթել, որ ախոյեան հանդիսացած է 2010, 2011, 2012 եւ 2013 տարիներուն՝ Ռետ-Պուլի հետ,2015-էն ի վեր, ելոյթ կ’ունենայ «Ֆեռարի»-ի հետ:
Ինչ կը վերաբերի իտալական կազմին մէջ Վեթթելին փոխարինողին, ան պիտի ըլլայ՝ Քարլոս Սայսը: