Ռէալ մատրիտի մաս կազմող քոլոմպիացի յառաջապահ՝ Խամես Ռոտրիկեզ, իր ակումբը լքելով, միացաւ Էվըրթընի, այս գծով յայտնեց անգլիական մամուլը:
Լիվըրփուլեան ակումբը յայտնեց ըսելով, որ ան կնքեց երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, այդ մէկը յաւելեալ տարիով մը երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը:
Նշուեցաւ, որ մայրաքաղաքի կազմին ֆրանսացի մարզիչը՝ Զինետտին Զիտան նշած է, որ իր ծրագիրներուն մէջ նկատի չէ առած Ռոտրիկեզին՝ 2020-2021 տարեշրջանին համար:
Ռոտրիկեզ, որ 2014-ին ստորագրեց Ռէալ Մատրիտի տոմարներուն վրայ, 2017-2019 ժամանակամիջոցին փոխ տրուեցաւ Պայէրն Միւնիխի: