Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, իր ակումբին՝ Ա. Էս. Ռոմայի հետ երէկ իր կատարած մրցումին ընթացքին, հանդիսացաւ էսիսթի եւ կոլի հեղինակ:
Անոր կազմը , որ կը շարունակէ նախապատրաստուիլ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի նոր տարեշրջանին, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, 4-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆրոզինոնէի:
Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, կատարեց նշանակուած կոլերէն մէկուն էսիսթը, ինչպէս նաեւ նշանակեց իր կազմին վերջին կոլը:
Նշենք, որ ան բացակայեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարած վերջին երկու մրցումէն («Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարք):