Եւրոպայի Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Պայէրն Միւնիխ-Սեւիլլա Մրցումին Իրաւարարները՝ Անգլիայէն
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Եւրոպայի գերբաժակի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք Պայէրն Միւնիխ-Սեւիլլա մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան՝ Անգլիայէն: Յառաջիկայ 24 սեպտեմբերին, Հունգարիոյ մայրաքաղաք՝ Պուտափեշտի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ՝ Անթոնի Թէյլըր: Իսկ կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան՝ Կերի Պեսունք եւ Էտըմ Նեն: Նշուեցաւ, որ «Փուշքաշ-Արենա» մարզադաշտը, որ կրնայ հիւրընկալել...




















