Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ հայրենի ճատրակ խաղացող՝ Զաւէն Անդրիասեան յաղթական հռչակուեցաւ «Bullet Shield Arena»-ի ճատրակի առցանց մրցաշարքին:
Չորս ժամ տեւած գերկայծակնային մրցաշարքին մասնակցեցան՝ 4303 ճատրակ խաղացողներ: Երեւանցի կրանտմասթըրը, որ կատարեց 138 մրցում եւ ապահովեց 396 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը:
Նշենք, որ ան տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, ըլլայ Հայաստանի մէջ եւ ըլլայ միջազգային գետնի վրայ: