Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի երիտասարդ յառաջապահ՝ Քիլիան Մպափէ եւս վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս գծով յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզաթերթերէն՝ «France Football»-ը:
Այս մէկուն պատճառով, ան իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել երէկ տեղի ունեցած Ֆրանսա-Խրուաթիա մրցումին, որ կ’իյնայ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Ա. դասակարգ, Գ. խմբակ):
Այսպիսով, ան դարձաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի 7-րդ ֆութպոլիստը, որ կը վարակուի այս ժահրով: Մպափէէն առաջ այդ ժահրով վարակուած էին՝ Նէյմար, Տի Մարիա, Իքարտի, Փարետես, Նաւաս եւ Մարքինիոս: