Լոնտոնեան Արսենալի կապոնցի յառաջապահ՝ Փիեր-Էմերիք Օպամեյանկ, շատ հաւանական է, որ այս շաբաթավերջին նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրէ իր ակումբին հետ, այս գծով յայտնեց անգլիական «Daily Express»-ը:
Կողմերը արդէն իսկ իրարու հետ համաձայնութեան եկած են: 31 տարեկան Օպամեյանկ, որ պիտի ստորագրէ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը, պիտի դառնայ ակումբին ամէնէն աւելի շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը:
2018-ին Պորուսիա Տորթմունտէն Անգլիա տեղափոխուած կապոնցի յառաջապահին գործող պայմանագրութիւնը Արսենալի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2021: