Տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի թենիսմէն՝ Ռաֆայէլ Նատալ, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հռոմի Մասթըրզի միջազգային բաց մրցաշարքին, այս գծով յայտնեց սպանական «ԱՍ» մարզական օրաթերթը:
Այս տարի այս մրցաշարքը պիտի սկսի յառաջիկայ 14 սեպտեմբերին եւ պիտի աւարտի նոյն ամսուն՝ 21-ին:
Նատալ յայտնեց ըսելով, որ Հռոմի Մասթըրզի միջազգային այս բաց մրցաշարքը, իրեն համար մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ երկարատեւ դադարէ մը ետք, դարձեալ կը վերադառնայ թենիսի դաշտերը:
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, ան բացակայեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան-շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքէն, որ կը շարունակէ տեղի ունենալ եւ գրեթէ հասած է իր աւարտին: