Իտալական Նափոլիի նախագահ՝ Օրելիօ Տէ Լորեթիիսիի մօտ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրը, այս գծով յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
71 տարեկան իտալացիին 9 սեպտեմբերին կատարած քննութեան արդիւնքը, երէկ տուած է դրական պատասխան:
Նշենք, որ նախորդ օգոստոսին Նափոլիի իտալացի յառաջապահ՝ Անտրէա Փեթանիայի մօտ եւս յայտնաբերուած էր այս ժահրը: