Երէկ, երեքշաբթի, Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը հիւրը եղաւ Լուքսամպուրկի:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով, 2-1 արդիւնքով: Հայրենի կազմին միակ կոլը նշանակեց Յովհաննէս Յարութիւնեան, 24-րդ վայրկեանին: Լուքսամպուրկ, որ 37-րդ վայրկեանին նշանակած էր իր եւ մրցումին առաջին կոլը, իր յաղթանակի կոլը նշանակեց…90+4-րդ վայրկեանին:
Հայրենի կազմը մրցումը աւարտեց 9 մարզիկով: Աշոտ Քոչարեան եւ Էդգար Գրիգորեան, յաջորդաբար 83-րդ եւ 89-րդ վայրկեաններուն կարմիր քարտ ստացան:
Եօթը մրցումէ ետք, այժմ Հայաստան որ ապահոված է միայն 3 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ եւ նախավերջին դիրքը՝ Ա. խմբակին մէջ: