Մարզական

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի  Ընտրութիւիններ.  Աքրամ Հալապի Հրապարակեց Իր Ընտրացանկը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւիններ. Աքրամ Հալապի Հրապարակեց Իր Ընտրացանկը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի երէկ իր բնակարանէն հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն մասնակցող իր ընտրացանկը, որուն մաս կը կազմեն 15 թեկնածուներ: Ընտրութիւնները պիտի կատարուին իրենց ճշդուած ժամկէտին, վաղը` երեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ: Նշենք, որ Հալապիի ցանկին մաս կը կազմէ նաեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Հայկ Թապագեան: Ստորեւ` Հալապիի հրապարակած ցանկին անդամներուն անունները. Աքրամ Հալապի, Շարպել...

Մալխաս Ամոյեան. «Թուրքին Դէմ Արձանագրած  Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Հայ Զինուորներուն»

Մալխաս Ամոյեան. «Թուրքին Դէմ Արձանագրած Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Հայ Զինուորներուն»

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան մրցումներուն, 72 քկ դասակարգին մէջ արծաթէ մետալի տիրացած Մալխաս Ամոյեան ըսաւ, որ թուրք մարզիկին դէմ իր արձանագրած յաղթանակը կը նուիրէ արցախեան պատերազմին ընթացքին զոհուած, վիրաւորուած եւ կռուած բոլոր զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքին գնով պաշտպանեցին իրենց հայրենիքը: Ամոյեան ըսաւ, որ շատ կը ցանկար նաեւ աւարտականի մրցումին ալ յաղթանակ արձանագրել,...

Սամպօ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Հայրենի Մարզիկները Տիրացան 5 Մետալի

Սամպօ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Հայրենի Մարզիկները Տիրացան 5 Մետալի

Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի սամպոյի հաւաքականին անդամները տիրացան 5 մետալի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ: Այս մրցաշարքին, որ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի հանգրուաններէն մէկն է, իրենց մասնակցութիւնը բերին 14 երկիրներէ 130 մարզիկներ: Արծաթէ մետալի տիրացան Տիգրան Կիրակոսեան (57 քկ) եւ Սամուէլ Բադալեան (68 քկ), իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձան Արամ Աղաջանեան...

Մարմնամարզութիւն.  Արթուր Դաւթեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան` Ոսկիէ Մետալակիր

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Միխայիլ Վորոնինի անուան բաժակի 27-րդ մրցաշարքին: Ռուսական Փենզա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին Հայաստան ունէր երկու ներկայացուցիչ: Ապահովելով 82,899 կէտ` Դաւթեան բազմամարտի մրցումներուն հանդիսացաւ ոսկիէ մետալակիր, մինչ Արմէն Պետրոսեան հանդիսացաւ 9-րդ: Դաւթեան ապա տիրացաւ 3 ոսկի եւ 2 պրոնզ մետալի (ազատ վարժութիւններ, նժոյգ, օղակ եւայլն),...

Մաուրօ Գեւգէօզեան  Փոխեց Իր Ակումբը

Մաուրօ Գեւգէօզեան Փոխեց Իր Ակումբը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ` Մաուրօ Գեւգէօզեան նախորդ շաբաթավերջին փոխեց իր ակումբը: 34 տարեկան ֆութպոլիստը, Փերուի Քլաուսուրայի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Իւնիվերսիտատ Քախամարքայէն տեղափոխուեցաւ Բ. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Քարլոս Մանուչի ակումբը: Նշենք, որ ան այս տարուան յունուարին միացած էր Քախամարքային: Անկէ առաջ անոր ակումբն էր Արժանթինի ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Թեմփերլէյը:  

Ճատրակ.  Մանուէլ Պետրոսեան Դուրս Մնաց Եւրոպայի  Առցանց Ախոյեանութենէն

Ճատրակ. Մանուէլ Պետրոսեան Դուրս Մնաց Եւրոպայի Առցանց Ախոյեանութենէն

Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներ Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան, նախորդ շաբաթավերջին իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայի արագ ճատրակի առցանց ախոյեանութեան: Վիճակաձգութեան արդիւնքին լոյսին տակ, անոնք երկուքը մրցեցան իրարու դէմ, եւ Պետրոսեան արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Թէեւ Պետրոսեան արձանագրեց յաղթանակ մը, սակայն չյաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտուեցաւ անգլիացի իր մրցակիցէն:  ...

«Փրեմիեր Լիկ».  Լիվըրփուլ Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ  Արձանագրեցին Մեծ Յաղթանակներ

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Արձանագրեցին Մեծ Յաղթանակներ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, նշանակուեցան բաւական մեծ քանակութեամբ կոլեր, մանաւանդ Լիվըրփուլի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի կատարած մրցումներուն ընթացքին: Երկրին գործող ախոյեանը` Լիվըրփուլ, որ հիւրը եղաւ Քրիսթալ Փալասին, անոր դաշտէն յաղթական վերադարձաւ... 7-0 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն տուպլէ իրագործեցին պրազիլցի Ռոպերթօ Ֆիրմինօ եւ եգիպտացի Մոհամետ Սալահ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիվըրփուլ ունեցաւ 31 կէտ, մինչ անոր անմիջական մրցակիցը`...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Չկրցաւ Յաղթել Վալենսիային,  Բայց Մեսսի Շնորհաւորութիւն Ստացաւ

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Չկրցաւ Յաղթել Վալենսիային, Բայց Մեսսի Շնորհաւորութիւն Ստացաւ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, քաթալոնական Պարսելոնան, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Վալենսիան, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Պարսայի կոլերը նշանակեցին արժանթինցի Լիոնել Մեսսի (45+5-րդ) եւ ուրուկուէյցի Ռոնալտ Արաուխօ (52-րդ): Հակառակ արձանագրուած այս հաւասարութեան, Մեսսի յաջողեցաւ կարեւոր նուաճումի մը հասնիլ եւ ատոր համար շնորհաւորութիւն ստանալ պրազիլցի անուանի ֆութպոլիստ` Փելէէն: Իր կազմին հետ նշանակած այս կոլին...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց Պայեր Լեւերքուզընին Եւ Անկէ Խլեց Պարագլուխի Դիրքը

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց Պայեր Լեւերքուզընին Եւ Անկէ Խլեց Պարագլուխի Դիրքը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 13-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը իրարու դէմ հանեց Պայեր Լեւերքուզընն ու Պայէրն Միւնիխը: Երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն, իր մրցակիցի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը` երկու կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ: Պայէրնի հաւասարութեան կոլը 43-րդ վայրկեանին նշանակած լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ) տուպլէ մը իրագործելով կերտեց Պայէրնի յաղթանակը:...

«Քալչիօ».  Եուվենթուս, Ա. Սէ. Միլան Եւ Ինթեր Միլան  Յաղթեցին. Ա. Էս. Ռոմա Պարտուեցաւ

«Քալչիօ». Եուվենթուս, Ա. Սէ. Միլան Եւ Ինթեր Միլան Յաղթեցին. Ա. Էս. Ռոմա Պարտուեցաւ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս իր դաշտէն դուրս` Փարմայի դաշտին վրայ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տուպլէ մը իրագործեց 26-րդ եւ 48-րդ վայրկեաններուն: Ցարդ անպարտելի Ա. Սէ. Միլան 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սասուոլոյի դաշտէն: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ինթեր Միլան, իր...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Պարտուած Հռչակեց  Ազրպէյճանական Խումբը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Պարտուած Հռչակեց Ազրպէյճանական Խումբը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «Եու Է. Էֆ. Ա.»-ն նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ պարտուած կը հռչակէ ազրպէյճանական Քարապաղ խումբը: Վիարէալի դէմ կատարուելիք «Եուրոփա Լիկ»-ի 6-դ հանգրուանի ծիրին մէջ ազրպէյճանական կազմը պէտք էր մեկնէր Սպանիա: Սակայն ատիկա չէր կատարուած` նկատի ունենալով, որ ազրպէյճանական խումբը յայտնած էր, որ իր կազմին մէջ ունի «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներ: Սպանական կազմը 16 կէտով գրաւեց...

Լիբանանի Սուսերամարտի  Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ.  Ժիհատ Սալամէ Ընտրուեցաւ Նախագահ

Լիբանանի Սուսերամարտի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Ժիհատ Սալամէ Ընտրուեցաւ Նախագահ

Երէկ` ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի սուսերամարտի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուայտաթի եւ Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնին անդամներուն: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քուէարկելու իրաւունք ունեցող բոլոր` եօթը ակումբներուն ներկայացուցիչները: Մրցակից ցանկի չգոյութեան պատճառով, թեկնածու ներկայացած եօթը անձերն ալ ընտրուած նկատուեցան նոր ֆետերասիոնի անդամ: Աւարտին տեղի ունեցաւ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի  Ընտրութիւններ.  Լահուտ. «Կը Փափաքէի Տեսնել  Համախոհական Ցանկ Մը»

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Լահուտ. «Կը Փափաքէի Տեսնել Համախոհական Ցանկ Մը»

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Փաթրիք Լահուտ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը փափաքէր տեսնել համախոհական ցանկ մը եւ ոչ թէ երկու տարբեր ցանկեր, որոնք իրարու դէմ պիտի պայքարին` կազմելու համար Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնը: «Երկրին մէջ տիրող այժմու պայմանները երբեք չեն արտօներ, որ ընտրապայքար կատարուի երկու տարբեր ցանկերու միջեւ: Իմ անձնական կարծիքս այն է, որ կազմուի համախոհական ցանկ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայէր Լեւերքուզըն-Պայէրն  Միւնիխ Գագաթի Ճակատում

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայէր Լեւերքուզըն-Պայէրն Միւնիխ Գագաթի Ճակատում

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, հիւրը պիտի ըլլայ Պայէր Լեւերքուզընի: Գագաթի այս ճակատումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Լեւերքուզըն, որ ունի 28 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ Պայէրն, որ կէտով մը միայն ետ կը մնայ անկէ, երկրորդ...

Ըմբշամարտ.  Վազգէն Թեւանեան` Աշխարհի Բաժակի  Անհատական Ախոյեանութեան Ոսկիէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Վազգէն Թեւանեան` Աշխարհի Բաժակի Անհատական Ախոյեանութեան Ոսկիէ Մետալակիր

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Վազգէն Թեւանեան հանդիսացաւ աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան ոսկիէ մետալակիր: Արդարեւ, Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ կատարուած այս ախոյեանութեան 65 քկ դասակարգին մէջ, հայրենի ըմբիշը, որ աւարտականին մրցեցաւ հունգարացի Իսմայիլ Մուսզուքայեւի դէմ, արձանագրեց  9-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Այսպիսով, Թեւանեան հանդիսացաւ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներէն միակը, որ հանդիսացաւ աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան ախոյեան: Անկէ առաջ, Հայաստանի համար...

Իտալական Ֆութպոլ.  Մխիթարեան` Ա. Էս. Ռոմա – Թորինօ  Մրցումի Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Իտալական Ֆութպոլ. Մխիթարեան` Ա. Էս. Ռոմա – Թորինօ Մրցումի Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 12-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուած Ա. Էս. Ռոմա - Թորինօ մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը: Այս մրցումը աւարտեցաւ հռոմեան կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: Մրցումին հաշիւը 27-րդ վայրկեանին բացաւ նոյնինքն Մխիթարեան, որուն նշանակած կոլէն ետք նշանակուեցան Ա. Էս. Ռոմայի մնացեալ երկու կոլերը: Նշենք, որ Մխիթարեան այսպիսով նշանակեց իր 7-րդ կոլը` այս...

1 Յունիս 2021-ին.  Խրուաթիա – Հայաստան Ֆութպոլի  Բարեկամական Մրցում

1 Յունիս 2021-ին. Խրուաթիա – Հայաստան Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 1 յունիս 2021-ին, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այժմէն իսկ համաձայնութիւն գոյացուց Խրուաթիոյ ֆետերասիոնին հետ` այս մրցումին կայացման գծով: Նշուեցաւ, որ Օսիյեք քաղաքին մէջ կատարուելիք այս մրցումը` երկու կազմերու հաւաքականներուն միջեւ պիտի ըլլայ առաջին հանդիպումը:    

Կռփամարտ.  Նարեկ Աբգարեան Կրեց Իր Առաջին  Պարտութիւնը` Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ

Կռփամարտ. Նարեկ Աբգարեան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը` Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Նարեկ Աբգարեան նախանցեալ օր Լոս Անճելըսի (Միացեալ Նահանգներ) «Ուայլտ-Քարտ-Պոքսինկ» մարզահամալիրին մէջ իր կատարած մենամարտին կրեց իր առաջին պարտութիւնը` արհեստավարժ ռինկի վրայ: Թեթեւագոյն դասակարգին մէջ, 8 ռաունտնոց այս մենամարտին, ան տեղի տուաւ մեքսիքացի իր մրցակիցին` Էտուարտօ Փայեզին: Նշենք, որ իր կատարած բոլոր` 14 մենամարտերուն, ան արձանագրած էր յաջորդական 14 յաղթանակ: Ան իր նախորդ մենամարտը կատարած էր Մոսկուայի մէջ...

Գերմանական Ֆութպոլ.  Շալքէ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Գերմանական Ֆութպոլ. Շալքէ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Գերմանական «Պունտըսլիկա»-ին մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն Շալքէ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Մանուէլ Փաումին: 41 տարեկան գերմանացի մասնագէտը ակումբի մարզիչ նշանակուած էր նախորդ սեպտեմբերին: Անոր պաշտօնազրկումին պատճառ հանդիսացան խումբին արձանագրած անբաւարար արդիւնքները: Այս տարեշրջանին ցարդ իր կատարած 12 մրցումներուն ընթացքին անոր կազմը արձանագրեց 4 հաւասարութիւն եւ կրեց 8 պարտութիւն: Գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար նշանակուեցաւ 67 տարեկան նետերլանտցի Եուփ Սթիվընս, որ չորրորդ...

Քութինիօ Յառաջիկայ Յունուարին  Պիտի Հեռանայ Պարսելոնայէն

Քութինիօ Յառաջիկայ Յունուարին Պիտի Հեռանայ Պարսելոնայէն

Սպանական մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիոյին` նշելով, որ ակումբին ղեկավարութիւնը որոշած է յառաջիկայ յունուարին մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին ծախել իր ֆութպոլիստը: Նշուեցաւ, որ քաթալոնական ակումբը ամէն գնով աշխատանք կը տանի մինչեւ 24 յունուար ծախելու իր ֆութպոլիստը` բարելաւելու համար ակումբին տնտեսական վիճակը` նախքան նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը: Բայց եւ այնպէս, ակումբը վերջնական որոշում պիտի տայ այս...

Page 558 of 1279 1 … 557 558 559 … 1,279

Արխիւներ