Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Նարեկ Աբգարեան նախանցեալ օր Լոս Անճելըսի (Միացեալ Նահանգներ) «Ուայլտ-Քարտ-Պոքսինկ» մարզահամալիրին մէջ իր կատարած մենամարտին կրեց իր առաջին պարտութիւնը` արհեստավարժ ռինկի վրայ:
Թեթեւագոյն դասակարգին մէջ, 8 ռաունտնոց այս մենամարտին, ան տեղի տուաւ մեքսիքացի իր մրցակիցին` Էտուարտօ Փայեզին:
Նշենք, որ իր կատարած բոլոր` 14 մենամարտերուն, ան արձանագրած էր յաջորդական 14 յաղթանակ:
Ան իր նախորդ մենամարտը կատարած էր Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա), երբ իրաւարարներուն միաձայն որոշումով յաղթեց քոլոմպիացի իր մրցակիցին` Անուար Սալասին: