Գերմանական «Պունտըսլիկա»-ին մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն Շալքէ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Մանուէլ Փաումին: 41 տարեկան գերմանացի մասնագէտը ակումբի մարզիչ նշանակուած էր նախորդ սեպտեմբերին:
Անոր պաշտօնազրկումին պատճառ հանդիսացան խումբին արձանագրած անբաւարար արդիւնքները:
Այս տարեշրջանին ցարդ իր կատարած 12 մրցումներուն ընթացքին անոր կազմը արձանագրեց 4 հաւասարութիւն եւ կրեց 8 պարտութիւն:
Գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար նշանակուեցաւ 67 տարեկան նետերլանտցի Եուփ Սթիվընս, որ չորրորդ անգամ ըլլալով կը դառնայ Շալքէի գլխաւոր մարզիչ: