Քութինիօ Յառաջիկայ Յունուարին Պիտի Հեռանայ Պարսելոնայէն
Սպանական մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիոյին` նշելով, որ ակումբին ղեկավարութիւնը որոշած է յառաջիկայ յունուարին մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին ծախել իր ֆութպոլիստը:
Նշուեցաւ, որ քաթալոնական ակումբը ամէն գնով աշխատանք կը տանի մինչեւ 24 յունուար ծախելու իր ֆութպոլիստը` բարելաւելու համար ակումբին տնտեսական վիճակը` նախքան նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը:
Բայց եւ այնպէս, ակումբը վերջնական որոշում պիտի տայ այս հարցը քննարկելէ ետք խումբի գլխաւոր մարզիչ Ռոնալտ Քէօմանի հետ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական